Արցախի Բոլոր Մարտական Յենակէտերն ու Դիրքերը Ապահովուած են Մշտական Ջուրով


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ․- Սեպտեմբեր 26ին Պաշտպանութեան Բանակի արեւելեան ուղղութեամբ գործող զօրամասերէն մէկու պահպանութեան տեղամասին մէջ կազմակերպուած էր հանդիսաւոր ձեռնարկ` նուիրուած պաշտպանական շրջանի բոլոր մարտական դիրքերն ու յենակէտերը մշտական ջուրով ապահովելու աշխատանքներու աւարտին, որ իրականութիւն դարձաւ ֆրանսահայ բարերար Ժաք Մաթոսեանի, Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան ու բանակի հրամանատարութեան գործուն համագործակցութեան շնորհիւ: 

Առաջնագիծին վրայ մշտական ջուրի առկայութիւնը էական ազդեցութիւն պիտի ունենայ մարտական հերթապահութիւն կազմակերպելու որակի բարձրացման վրայ, պիտի  նպաստէ անձնակազմի կենցաղային կարիքները հոգալուն, ինչպէս նաեւ հնարաւորութիւն պիտի տայ իրականացնելու աւելի մեծ ծաւալի երկրաչափական աշխատանքներ:

Աւելցնենք նաեւ, որ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի հրամանագիրով, ֆրնասահայ բարերար Ժաք Մաթոսեան պարգեւատրուած է ‹‹Վաչագան Բարեպաշտ›› մետալով: Բարձր պարգեւը անմիջապէս առաջնագիծին վրայ հասցէատիրոջը  յանձնած է բանակի հրամանատարի ԱՀՏԱ գծով տեղակալ, զօրավար Վարդան Բալայեան: