Արցախի եւ Հայաստանի Մէջ Յարգեցին Քառօրեայ Պատերազմի Նահատակներուն Յիշատակը


Բակօ Սահակեան եւ Արմէն Սարգսեանի Թալիշի մէջ ծաղիկներ դրին 2016ին սանձազերծուած ապրիլեան ռազմական գործողութիւններուն եւ արցախեան ազատամարտին ժամանակ հայրենիքի սահմաններու պաշտպանութեան ընթացքին նահատակուած հերոսներու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին։

Նախագահ Բակօ Սահակեան ՀՀ Նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ Ապրիլ 1ին այցելեցին Թալիշ, ծաղկեպսակ դրին գիւղի յուշահամալիրին մօտ, հանդիպում ունեցան ապրիլեան պատերազմին մասնակցած զինծառայողներու եւ ազատամարտիկներու հետ։ Քննարկուեցան պետականաշինութեան, բանակաշինութեան, Թալիշի վերականգնման առնչուող հարցեր:

«Թալիշը հազարամեականերու հայկական հող է, ան ողջ հայ ժողովուրդինն է», ըսաւ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան`  ընդգծելով, որ  Թալիշը հայկականութեան իսկական խորհրդանիշ է, որովհետեւ ան պատմականօրէն կապուած է հայ ժողովուրդին, անոր մշակոյթին ու ոգիին հետ:

«Հպարտ եմ, որ  այսօր ես կանգնած եմ երիտասարդ, հզօր մարտիկներու կողքին, որոնք ապացուցած են աշխարհին, որ իրենք տարածաշրջանի լաւագոյն բանակի զինուորներն են: Հպարտ եմ նաեւ, որ այդ զինուորները յաղթանակած բանակի հայրենեաց պաշտպաններն են։ Ես անոնց կը մաղթեմ բարի ծառայութիւն: Թալիշի մէջ կարծես կը զգամ համայն հայութեան ներկայութիւնը», ըսաւ նախագահ Սարգսեան:

Երկու նախագահները այցելեցին նաեւ Մարտակերտի Մաղաւուզ գիւղ եւ մասնակցեցան բնակավայրի ազատագրման 26ամեակի ժամանակ զոհուած ազատամարտիկներու յուշահամալիրի բացման հանդիսաւոր արարողութեան:

Նախագահ Սահակեան պետական բարձր պարգեւներ յանձնած է խումբ մը ազատամարտիկներու եւ նշած, որ մաղաւուզցիները միշտ ալ յայտնի եղած են իրենց հայրենասիրութեամբ` աշխուժօրէն մասնակցելով հայրենիքի պաշտպանութեան գործին: Նախագահը կարեւոր համարած է Մաղաւուզի ազատագրումը` որպէս մեր ազգային-ազատագրական պայքարի նշանակալի յաղթանակներէն մէկը:

Ապրիլ 2ին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ՀՀ ԱԺ նախագահ Արարար Միրզոյեան, կառավարութեան անդամներ, պատգամաւորներ, բարձրաստիճան զինուորականներ այցելեցին «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն` յարգանքի տուրք մատուցելու ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ընթացքին Հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու ժամանակ անձնուիրաբար զոհուած հերոսներու յիշատակին, ծաղիկներ խոնարհելու անոնց շիրիմներուն:

Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ սպասաւորներու կողմէ մատուցուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ։

Նիկոլ Փաշինեան, Արարատ Միրզոյեան ծաղիկներ խոնարհեցին սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի, զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի շիրիմներուն: Ծաղկեպասակ դրին Անյայտ ազատամարտիկներու յուշակոթողին:

Վարչապետը ծաղիկներ դրաւ ապրիլեան պատերազմին իրենց կեանքը զոհած հերոսներու շիրիմներուն, մօտեցաւ անոնց հարազատներուն եւ զօրակցութեան խօսքեր ըսաւ:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ծաղիկներ կը զերեղէ Ապրիլեան պատերազմի ժամանակ զոհուած զինուորներու շիրիմներուն։