Արցախի Խորհրդարանին Մէջ Ստեղծուած է «Արցախ-Գանատա» Բարեկամութեան Խումբ


«Արցախփրես»,- Այսօր Մարտ 27ին, Արցախի Հանրապետութեան Խորհրդարանին մէջ ստեղծուած է «Արցախ-Գանատա» Բարեկամութեան խումբ, որուն մէջ ընդգրկուած են բոլոր խմբակցութիւններէն ներկայացուցիչներ:

Այսօր տեղի ունեցած լիագումար նիստի ժամանակ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան ըսած է, որ Մարտ 19ին Գանատայի Համայնքներու պալատին մէջ պատգամաւոր Ռեյչըլ Եարտերի գլխաւորութեամբ ձեւաւորուած է Արցախի ժողովուրդի հետ բարեկամական խումբ, որուն մինչեւ հիմա միացած են 7 պատգամաւորներ: Արցախի հետ համագործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնած Գանատայի գործընկերներուն արդէն Արցախի Ազգային ժողովին կողմէ ուղարկուած է շնորհակալական նամակ:

Անոր խօսքով` յարաբերութիւններու յետագայ զարգացման համար յաջորդ քայլը պէտք է ըլլար ԱՀ Ազգային ժողովին մէջ համապատասխան բարեկամական խումբի ստեղծումը: Այդ նպատակով Մարտ 25ին կայացած աշխատանքային խորհրդակցութեան ընթացքին որոշուած է խորհրդարանական բոլոր խմբակցութիւններէն ներկայացուցիչներ ընդգրկել Բարեկամական խումբին մէջ:

 Բարեկամական խումբին մէջ ընդգրկուած են «Հայրենիք» խմբակցութեան պատգամաւորներ Ռամելա Դադայեանը, Արարատ Օհանջանեանը, «Ժողովրդավարութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Դաւիթ Մելքումեանը, «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Ռիտա Մնացականեանը, «Շարժում-88» խմբակցութեան պատգամաւոր Էդուարդ Աղաբեկեանը եւ «Վերածնունդ» խմբակցութեան պատգամաւոր Հայկ Խանումեանը: