Արցախի Հիմնախնդիրին Շուրջ Ոչ Մէկ Փաստաթուղթ Կրնար Ստորագրուիլ` Առանց Ստեփանակերտի. Էդուարդ Նալբանդեան


«Նիուզ»․- Արցախի հիմնախնդիրին շուրջ ոչ մէկ փաստաթուղթ կրնար ստորագրուիլ` առանց պաշտօնական Ստեփանակերտի մասնակցութեան:

Յունիս 30ին, այս մասին  յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան` 2016 թուականի պետական պիւտճէի կատարողականի հաշուետուութեան քննարկումներուն ժամանակ ունեցած ելոյթի ժամանակ:

«Այս մասին կ՝ըսուի Վիեննայի մէջ ԵԱՀԿ գլխաւոր գրասենեակին մէջ պահուող բանակցային փաստաթուղթերուն մէջ», աւելցուցած է ան: