Արցախի Ճանաչման Աշխատանքներուն Մէջ Այս Համաժողովը Մեծ Նախաձեռնութիւն է. Արիս Պապիկեան


«Արցախփրես»,- 1991-ին առիթ ունեցած եմ Պարոնուհի Քերոլայն Քօքսի հետ այցելելու Արցախ եւ այդ օրուընէ ի վեր պարբերաբար այստեղ կ՛ըլլամ, Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցող «Համագործակցութիւն յանուն արդարութեան եւ խաղաղութեան» խորագիրով Արցախի բարեկամներու համաժողովի ծիրին մէջ «Արցախփրես»-ին ըսած է Գանատայի պատուիրակութեան անդամ Արիս Պապիկեան:

Ան նշած է, որ այս այցելութիւնը իրեն համար շատ կարեւոր է, որովհետեւ այսօր ինք Արցախ կը գտնուի՝ ներկայացնելու իր ընտրաշրջանի` Օնթարիոյի կառավարութիւնն ու ժողովուրդը:

«Արցախի ճանաչման աշխատանքներուն մէջ այս համաժողովը մեծ նախաձեռնութիւն է: Ես կը հանդիսանամ Օնթարիոյ նահանգի պատգամաւոր եւ գոհ եմ մեր պատուիրակութեան կազմէն: Դժբախտաբար Հոկտեմբեր 21-ին Գանատայի մէջ տեղի պիտի ունենան դաշնակցային ընտրութիւններ եւ մեծ թիւով պատգամաւորներ, որոնք ցանկութիւն ունէին ներկայ գտնուելու այս համաժողովին` չկրցան գալ, որովհետեւ պէտք է հետեւին իրենց ընտրապայքարի կարգ ու կանոնին:

“Անկեղծ ըսեմ՝ քաղաքական եւ յարաբերական լայն աշխատանք կը տարուի Գանատայի մէջ: Ազրպէյճան միլլիոններ կը ծախսէ՝ քարոզելու իր ցանկութիւնները: Շատ անգամ փորձած է Խոճալուի դէպքը Գանատայի խորհրդարանին մէջ իբրեւ ցեղասպանութիւն ներկայացնել, բայց Հայ Դատի յանձնախումբը զօրաւոր պայքար տարած է այդ որոշումը կասեցնելու համար: Պէտք է ըսեմ, որ ազրպէյճանցիները Խօճալուի դէպքը կ՛օգտագործեն հայերը իբրեւ  ջարդարար ժողովուրդ ներկայացնելու համար: Բայց մենք կրցած ենք այդ սուտը կասեցնել, եւ մինչեւ այժմ ազրպէյճանցիները որեւէ ազդեցութիւն չեն ունեցած արցախա-ազրպէյճանական պայքարին մէջ», մասնաւորապէս ըսած է ան: