Արցախի Մէջ Ականի Պայթումէն Երեք Զինուոր Զոհուած է, Մէկ Այլ Զինուոր՝ Վիրաւորուած


«Նիուզ»․- Նոյեմբեր 21ին` ժամը մօտ 18:35-ին, Պաշտպանութեան բանակի հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մարտական դիրքին մէջ երկրաչափական աշխատանք կատարելու ընթացքին հակահրասայլային ականի պայթումին հետեւանքով բեկորային մահացու վէրքեր ստացած են զինուորներ՝ Գեղամ Կորիւնի Զաքարեանը (1995ի ծնունդ), Սարգիս Գուրգէնի Աբրահամեանը (1998ի ծնունդ) եւ Սարգիս Մհերի Մելիքեանը (1997ի ծնունդ):

Իսկ զինծառայող, 1998ի ծնունդ Նարեկ Հայկի Հովէեանը վիրաւորուած է: Անոր վիճակը ծանր է:

Նոյեմբեր 22ին Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի ստորագրած հրամանագիրով՝ Արցախի Հանրապետութեան պետական սահմանը պաշտպանելու ատեն ցուցաբերած արիութեան համար Արցախի պաշտպանութեան բանակի զոհուած երեք զինուորները յետմահու պարգեւատրուած են «Մարտական ծառայութիւն» մետալով:

Գեղամ Զաքարեանը Մուսալեռ գիւղի բնակիչ էր, կոչումով սպայ: 22ամեայ Գեղամը այս ամառ աւարտած է Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական հիմնարկը եւ Յուլիսի վերջը տեղափոխուած Արցախ` ծառայութեան: Մուսալեռի մէջ կը բնակին անոր ծնողները, ունի քոյր եւ եղբայր:

Սարգիս Աբրահամեանը Արարատի մարզի Մասիս քաղաքէն էր, բանակ զօրակոչուած էր 1.5 տարի առաջ: «Շատ խելօք տղայ էր, շատ լաւ ընտանիքէ, մայրը բուժքոյր է, հայրը` վարորդ, Մասիս կ՛ապրին», ըսած են զինուորական կոմիսարիայէն:

Սարգիս Մելիքեանը Գեղարքունիքի մարզի Վարդենիս քաղաքէն էր, Յունուարին պէտք է աւարտէր ծառայութիւնը: 20ամեայ Սարգիսը տան միակ որդին էր, իրմէ մեծ 3 քոյր ունի: