Արցախի Մէջ Ականի Պայթումէն Զոհուած է HaloTrustի 3 Աշխատակից


Արցախի Մարտակերտի շրջանի Նոր Ղազանչի գիւղի հարեւանութէամբ գտնուող չէզոք գօտիին մէջ ականի վրայ պայթած է «Halo trust» ականազերծող կազմակերպութէան պատկանող մեքենան, որու հետեւանքով զոհուած է 3 ականազերծող, եւս երկուքը վիրաւորուած են:

«HALO Trust» կազմակերպութիւնը հրապարակած է զոհուած աշխատակիցներուն անունները: Անոնք են` Պաւել Աքոփովը, Սամսոն Աւանեսեանը եւ Մարատ Պետրոսեանը: Վիրաւորուած են 1987 թուականի ծնած Գարիկ Վահիրեանն ու 1974 թուականին ծնած Արամ Մկրտչեանը:

Կազմակերպութիւնը կը յայտնէ, որ պայթիւնի հետեւանքով երկու վիրաւորները այժմ Ստեփանակերտի հիւանդանոցն են։ Բոլորը՝ թէ՛ մահացածները եւ թէ՛ վիրաւորները Արցախի բնակիչներ են:

Նշենք, որ 1990ականներու վերջերէն ականազերծման աշխատանքներով զբաղող միջազգային կազմակերպութիւնը կը ծրագրէ մինչեւ 2020 թուականը ականներէ մաքրել Արցախի բոլոր վտանգավոր հատուածները: