Արցախի Մէջ Ականի Պայթումէն 19ամեայ Զինուոր Մը Զոհուած է


Սեպտեմբեր 1ին  Պաշտպանութեան բանակի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկու պահպանութեան տեղամասին մէջ, ականի պայթումէն զոհուած է Պաշտպանութեան բանակի զինծառայող, 1998ի ծնունդ Հայկ Գագիկի Խաչատրեանը:

Դէպքի մանրամասնութիւնները պարզելու համար քննութիւն կը կատարուի:

«Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: