Արցախի Մէջ Անցեալ Տարի Ծնած է 1994 Երեխայ


“Արմէնփրես”,- Արցախի Հանրապետութեան հիւանդանոցներուն մէջ 2019-ին ծնած է 1994 երեխայ, որոնցմէ 1015-ը տղայ, 979-ը՝ աղջիկ: Ստեփանակերտի Մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման կեդրոնին մէջ ծնած է 1698 երեխայ, իսկ շրջաններուն մէջ ամէնէն շատը Մարտակերտի մէջ՝ 159 երեխայ, այնուհետեւ՝ Մարտունիի՝ 88, Հադրութի՝ 36, Շահումեանի՝ 9 եւ Քաշաթաղի՝ 4:

Պէտք է նշել, որ Արցախէն Հայաստանի հիւանդանոցներուն մէջ ծնած է 81 երեխայ:

Արցախի մէջ ընդհանուր ծնելիութիւնը տարուան ընթացքին կազմած է 2073 երեխայ, որոնց 1058-ը՝ տղայ, 1015-ը՝ աղջիկ: Ընդհանուր ծնունդներէն 31-ը զոյգ են:

Արցախի մէջ առողջապահութեան նախարարութիւնը հետեւողական աշխատանքներ կը տանի պետական ու բարեգործական միջոցներով հիւանդանոցները բարեւալելու եւ արդիականացնելու։ 2019-ին բարեգործութեամբ վերանորոգուած ու բժշկական ժամանակակից սարքերով համալրուած է Հադրութի շրջանային հիւանդանոցի ծննդաբերութեան բաժանմունքը։ Պետական միջոցներով վերանորոգուած է Մօր եւ Մանկան Առողջութեան Կեդրոնը եւ համալրուած համապատասխան գոյքով։ 2019 Դեկտեմբերին սկսած է շահագործուիլ Քաշաթաղի շրջանային բժշկական կեդրոնի ծննդաբերութեան բաժանմունք: