Արցախի Մէջ Թշնամիին Գնդակէն Նահատակուած է Զինուոր Նարեկ Յարութիւնեանը


Պաշտպանութեան բանակի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկու մը պահպանութեան տեղամասին մէջ Ապրիլ 9ին` մօտ ժամը 14:20ին, Ազրպէյճանի կողմէ արձակուած կրակոցէն, մահացու հրազէնային վէրք ստացած է Պաշտպանութեան Բանակի զինծառայող, 1998ի  ծնունդ Նարեկ Գէորգի Յարութիւնեանը:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան ֆէյսպուքեան իր էջին մէջ նշած է, որ դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար քննութիւն կը կատարուի:

«Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնները կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն», գրած է Յովհաննիսեան:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Ապրիլ 9ին ստորագրած է հրամանագիր, որու համաձայն` Արցախի Հանրապետութեան պետական սահմանը պաշտպանելու ատեն ցուցաբերած արիութեան համար Արցախի պաշտպանութեան բանակի N զօրամասի զինծառայող Նարեկ Յարութիւնեանը յետմահու պարգեւատրուած է «Մարտական ծառայութիւն» մետալով: