Արցախի Մէջ Հակառակորդին Կրակոցէն Զինուոր Մը Նահատակուած է


Յուլիս 10ին Պաշտպանութեան բանակի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկու պահպանութեան տեղամասին մէջ, հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցէն զոհուած է  պաշտպանութեան բանակի զինուոր, 1997ին ծնած Վազգէն Ժիրայրի Պօղոսեանը:

Դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ մահացած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: