Արցախի Մէջ Կը Հիմնուի ՀՄԸՄի 111րդ Մասնաճիւղը


ՀՄԸՄի Կեդրոնական Վարչութիւնը հաղորդագրութեամբ մը կը ծանուցէ, որ Արցախի մէջ հիմնուած է ՀՄԸՄի 111րդ մասնաճիւղը։

Արցախի մէջ ՀՄԸՄի մասնաճիւղ ունենալու գաղափարը տարիներու փափաք էր, սակայն զանազան պատճառներով կը յետաձգուէր։ Միութեան 100ամեակի ձեռնարկներու ամբողջացումէն ետք, տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ տեսակցութիւն, որուն ընթացքին արծարծուեցաւ ՀՄԸՄի Արցախի մասնաճիւղի հիմնադրութեան նպատակն ու հեռանկարները։ Նախագահ Սահակեան համագործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնեց այս ուղղութեամբ։

2 Յուլիս 2019ին ՀՄԸՄի Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ  Գառնիկ Մկրտիչեանի, մեկնեցան Արցախ, ուր գումարուեցաւ Անդրանիկ Անդամական ժողով ու ընտրուեցաւ վարչութիւն բաղկացած հետեւեալներէն՝ Սեւակ Պօղոսեան, Դաւիթ Գրիգորեան, Արտակ Իշխանեան, Վրէժ Էսմէրեան եւ Վահրամ Յովսէփեան։

Կեդրոնական Վարչութիւնը երկամսեայ ժամանակաշրջանով Արցախ գործուղեց խմբապետ մը, որ անհրաժեշտ գիտելիքները պիտի փոխանցէ նորակազմ խմբապետական կազմին։

ՀՄԸՄի Արցախի Մեկուսի Շրջանի հիմնադրութիւնը պաշտօնապէս պիտի կատարուի Օգոստոս 2019ին, պետական ու ժողովրդային ներկայութեամբ։