Արցախի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուեցաւ Շուշիի Ազատագրութեան եւ Արցախի Բանակի Հիմնադրութեան 27-րդ Տարեդարձը


Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի պատուոյ պահակախումբի հանդիսաւոր քայլերթը Ստեփանակերտի քաղաքային յուշահամալիր։

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ,- Այսօր` Մայիս 9-ին, Արցախի մէջ կը նշուի Եռատօնը` Հայրենական մեծ պատերազմի յաղթանակը, Շուշիի ազատագրութեան եւ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի ստեղծման տարեդարձը:

Եռատօնին նուիրուած տօնակատարութիւնները Ստեփանակերտի մէջ սկիզբ առին աւանդական քայլերթով:

Առաւօտեան Ստեփանակերտ ժամանեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ Արցախի Նախագահ Բակօ Սահակեանի, Արցախի եւ Հայաստանի պետական ու զինուորական բարձրաստիճան այրերու հետ Վերածնունդի հրապարակէն հազարաւոր քաղաքացիներու ուղեկցութեամբ քայլերթով ուղղուեցաւ Ստեփանակերտի քաղաքային յուշահամալիր:

Տօնական ձեռնարկներուն կը մասնակցէին նաեւ Արցախի երկրորդ նախագահ Արկադի Ղուկասեան, ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի գլխաւորած խորհրդարանական պատուիրակութիւնը, Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, պաշտօնատար այլ անձիք, Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն հիւրեր:

Անոնք ծաղիկներ եւ ծաղկեպսակներ խոնարհեցին Արցախեան ազատամարտի ու Հայրենական մեծ պատերազմի ընթացքին զոհուած հայորդիներու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին, ինչպէս նաեւ Արցախեան պատերազմին զոհուած ազատամարտիկներու շիրիմներուն:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի պատուոյ պահակախումբի հանդիսաւոր քայլերթը: Ապա երկու հանրապետութիւններու պետական բարձրաստիճան այրերը  այցելելցին Շուշի, ուր ծաղիկներ դրին հրասայլ-յուշարձանին եւ սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի յուշարձանին:

Փաշինեան եւ Սահակեան Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի ուղեկցութեամբ այցելեցին նաեւ Ստեփանակերտի նորակառոյց Սուրբ Աստուածամօր Հովանու եկեղեցի եւ մոմ վառեցին:

Հայաստանի եւ Արցախի ղեկավարութիւնը հազարաւոր քաղաքացիներու ուղեկցութեամբ քայլերթով ուղղուեցան Ստեփանակերտի քաղաքային յուշահամալի։

ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան եւ Արցախի նախկին նախագահ Արկադի Ղուկասեան ծաղիկներ կը խոնարհեն Շուշիի Վազգէն Սարգսեանի կիսանդրիին։

Փաշինեան եւ Սահակեան Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի ուղեկցութեամբ այցելեցին նաեւ Ստեփանակերտի նորակառոյց Սուրբ Աստուածամօր Հովանու եկեղեցի։