Արցախի Մէջ Վերաբնակած Վաղաշէնցին Կը Հպարտանայ Իր 13 Զաւակներով. «Ինը Զինուորը Քիչ Չէ»


ԳԱԳԻԿ ԱՂԲԱԼԵԱՆ

Արամը, Արմինէն, Լիւտվիկը, Արեգը, Նարեկն ու Մարգարիտը ծնած էին, երբ վաղաշէնցի Շահէն Մարգարեանի ընտանիքը բնակութեան նպատակով տեղափոխուեցաւ Քարվաճառի Նոր Վերինշէն գիւղը: Շահէն Մարգարեանը 1998 թուականին նախապէս եկած ու ծանօթացած է տարածքին, սիրահարած է բնութեան եւ ընտանիքը Գեղարքունիքի մարզի Վաղաշէն գիւղէն տեղափոխած է Արցախ: Արդէն Նոր Վերինշէնի մէջ ծնած են` Փառանձեմը, Նորայրը, Վահէն, Վահանը, Վարդանը, Հերմինէն ու Դաւիթը:

Շահէն եւ Գայեանէ Մարգարեանները ինը մանչ եւ չորս դուստր ունին: Աւագը 24 տարեկան է, իսկ կրտսերագոյնը հինգ: Տասներեք զաւակներէն ութը անչափահաս է:

«Նոր ամուսնացած ժամանակս, երբ երեխայի ձայն կը լսէի, կը ջղայնանայի: Մայրս կ՛ըսէր` տղա՛ս, այդպիսի բան մի՛ ըներ, վաղը միւս օր գլխուդ կու գայ, այնքան որ երեխայ կ՛ունենաս: Կ՛ըսէի` ի՞նչ կ՛ըսես, մայրի՛կ: Հիմա դժգոհ չեմ, փառք Աստուծոյ», կը ծիծաղի Շահէնը:

Նոր Շահումեանի շրջանին մէջ բոլորը ծանօթ են Նոր Վերինշէնի դպրոցի տնօրէն Շահէն Մարգարեանին, գիտեն անոր բազմանդամ ընտանիքին մասին: Քարվաճառի քառուղիին վրայ, Նոր Վերինշէն բարձրանալու ճամբուն վրայ կը ծանօթանամ Նոր Բրաջուրի նախկին գիւղապետ Մեխակ Գէորգեանին հետ, ան գիտնալով գիւղ այցելելու նպատակս` Մարգարեաններու պատմութիւնը գրի առնելու մասին, հիացմունքով կ՛ըսէ. «Շահէնի տունը 13 երեխայ կայ, բայց մէկ հատ բարձր ձայն չես լսեր: Բոլորը խելօք երեխաներ են: Եւ ան, որ դպրոցը կ՛աւարտէ, բարձրագոյն հաստատութիւն կ՛ընդունուի»:

Մարգարեաններուն հիւր երթալու ընթացքին կրնաս կանգնիլ ձորակի կողքին եւ ձայն տալ, միւս կողմէն կանչդ շատ լաւ կը լսուի: Մօտենալը վտանգաւոր է, քանի որ անոնց գամփռները անկոչ հիւրեր չեն սիրեր: Մեզ դիմաւորեց Նորայրը:

Նոր Վերինշէն այցելելու օրը Շահէնի զոյգ որդիներուն` Արեգի եւ Նարեկի երդման արարողութիւնն էր Ասկերանի մէջ: «Ես արցախեան ազատամարտին չեմ մասնակցած եւ այդ օրերուն շատ մեղաւոր կը զգայի: Ես ալ որոշեցի պարտքս հայրենիքին այս ձեւով տալ: Ինը զինուորը քիչ չէ», կ՛ըսէ Շահէն Մարգարեանը:

Ան Նոր Վերինշէնի դպրոցի տնօրէնն է, կինը` գրադարանավարը, դուստրը` անգլերէնի ուսուցչուհին, հարսը` ուսողութեան ուսուցչուհին, իսկ որդին` Նոր Բրաջուր գիւղի դպրոցի զինղեկն է: Անոր եօթը զաւակները դպրոցական են: «Տունն ալ ինքզինքս կը զգամ ինչպէս դպրոցին մէջ», կ՛ըսէ ծիծաղելով:

Պատմութիւնը, թէ ինչպէ՛ս ան հասած է Քարվաճառի լեռնային գիւղ, շատ սովորական է: Պարզապէս երեք եղբայրներէն ամէնէն աւագը` այն ժամանակ արդէն վեց զաւակի հայր Շահէնը, չունենալով տուն կառուցելու կարելիութիւն, հայրական տունէն տեղափոխուած է Նոր Վերինշէն, երբ լսած է վերաբնակեցման ծրագիրի մասին: Հիմա Նոր Վերինշէնի մէջ Շահէնի ընտանիքը արդէն երկու տուն ունի: Երկրորդը Արցախի կառավարութեան կողմէ նուէր է` եօթներորդ զաւկին ծնելու առիթով: Շահէնը կէս կատակ կ՛ըսէ, որ ճիշդ կ՛ըլլայ, եթէ Արցախի կառավարութիւնը տուն նուիրէ ամէն վեցերորդ զաւկին համար: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ձեր սէրը Վաղաշէ՞նն է, թէ՞ Նոր Վերինշէնը, Շահէնը  կ՛ըսէ. «Կարծես թէ սէրս կիսուած ըլլայ, բայց` քիչ մը դէպի այս կողմը: Ես սիրահարած եմ Քարվաճառին: Երբ Մարտունի կ՛երթամ, մէկ օրէն աւելի չեմ կրնար մնալ: Նախ բնութիւնը գերեց զիս, իսկ յետոյ, ի տարբերութիւն Մարտունիին, այստեղ դիւրին է ապրիլը: Այստեղ ձմեռը շատ կարճ է, եւ կարիք ալ չ՛ըլլար անասնակեր կուտակելու: Ու ընդհանրապէս Քարվաճառի բնութիւնը շատ մեծ շտեմարան մըն է»: Շահէնի կինը` Գայեանէն, կը պատմէ, որ Քարվաճառի բնութիւնը նման է իր ծննդավայր Խանլարի բնութեան, եւ այդ է զինք Արցախ պահողը: «Մենք Խանլարէն դուրս եկած ենք 1989 թուականին, փախուստի ժամանակ: Ես հիմա կարծես իմ ծննդավայրիս մէջ եմ: Իւրաքանչիւր քար, թուփ կը յիշեցնէ ծննդավայրս: Ճիշդ է` ապրիլը դիւրին չէ, բայց փա՛ռք Աստուծոյ, երեխաներս արդէն մեծցած են, կ՛աշխատին եւ կ՛ուսանին: Ամէն ինչ աւելի դիւրին դարձած է:

Գիւղական պայմանները չեն խանգարեր մեծ սպասելիքներ ունենալու կեանքէն: Բազմազաւակ ծնողներու երազանքը այն է, որ զաւակները ուսում ստանան` անկախ բնակութեան վայրէն: «Ես միշտ զաւակներուս կ՛ըսեմ` տեսէ՛ք, եթէ ձեր հայրը կրթութիւն չստանար, ձեզ չէր կրնար պահել», կ’ըսէ Գայեանէն:

Հակառակ անոր որ Նոր Վերինշէնը մայրաքաղաքէն շատ հեռու է, առանձնապէս եռուզեռ չկայ, Շահէնի երեխաները գիւղէն տեղափոխուիլ չեն ցանկար: Լիւտվիկը Հայաստանի Ազգային գիւղատնտեսական համալսարանի Ստեփանակերտի մասնաճիւղի ուսանող է եւ յոյս ունի, որ աւարտելէ ետք աշխատանք կը գտնէ Քարվաճառի մէջ, մասնաւորապէս` պետական գրանցումի վարչութեան մէջ: «Առայժմ ես չեմ մտադրած գիւղէն կամ մեր շրջանէն դուրս ապրիլ: Կարելի չէ, որ այստեղ աշխատանք չգտնուի», կ՛ըսէ Լիւտվիկ:

Փառանձեմն ու Մարգարիտը կը փափաքին կրթութիւն ստանալ մեծ քաղաքի մէջ եւ կրկին գիւղ վերադառնալ: Հերմինէն Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեանի սանիկն է: Հայրը կը պատմէ, թէ ինչպէս ատիկա եղած է: «Երբ եօթներորդ զաւակս պիտի ծնէր, վարչապետը մեր շրջանը եկած էր եւ այդ մասին գիտնալով` ըսաւ, որ զինք տեղեակ կը պահենք: Մինչեւ երեխային ծնիլը` ան անգամ մը եւս եկաւ Քարվաճառ, դարձեալ պատուիրեց իրեն լուր տալ: Երբ աղջիկս ծնաւ, շրջանի ղեկավարներէն խնդրեցի վարչապետին այդ մասին յայտնել: Եւ վարչապետը փափաք յայտնեց աղջկաս կնքահայրը ըլլալ»:

Նորվերինշէնցիները կ՛ըսեն, որ գիւղի այն թաղամասը, ուր կ’ապրի բազմանդամ ընտանիքը, թերեւս ապագային լեցուի նոր տուներով ու կոչուի Մարգարեաններու ձոր: Ինքը` Շահէն Մարգարեանը այլ ձեւով կը մտածէ` «Մարգարեաններու փակուղի»: «Եթէ բոլոր զաւակներս այստեղ տուն կառուցեն, շատ երջանիկ կը զգամ: Բայց իրենց ցանկութիւնն է, որ կ՛ուզէ: Բոլորն ալ մէկ բան յստակօրէն որոշած են` շարունակել ապրիլ Արցախի մէջ: Աւագ որդիս կ՛ուզէ Ստեփանակերտ տեղափոխուիլ: Զոյգերէն մէկն ալ սիրահարած է Շուշի քաղաքին»:

Եթէ որեւէ ընտանիք Նոր Վերինշէնէն քաղաք կամ այլ բնակավայր տեղափոխուի, Շահէնի որդիները հեռացած ընտանիքի տունը գնելու մասին խօսակցութիւն կը բանան: Անոնց երազն է, որ Նոր Վերինշէնը Մարգարեաններուն գիւղը դառնայ:

Լիւտվիկը կ՛ըսէ. «Չեմ կրնար բացատրել, թէ ի՛նչ սէր է, բայց կ՛երազեմ, որ քանի մը տարի ետք մենք եղբայրներով այս թաղամասին մէջ մեր տուները ունենանք, եւ բոլորը ըսեն` Մարգարեաններու գիւղը»:
«Հետք»