Արցախի Սահմանամերձ Բնակավայրերուն Մէջ Ապաստարաններ Կառուցուած են


«Արցախփրես»․- Անցեալ տարուան ընթացքին, Արցախի մէջ իրականացուած է 16 միլիառ 324 միլիոն դրամի շինարարութիւն, իսկ միայն պետական պիւտճէէն ոլորտին տրամադրուած է 11 միլիառ 700 միլիոն դրամ, յայտնած է Արցախի Հանրապետութեան քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեան:

«Յատկացուած գումարներով աւարտած են Հադրութի շրջանի Քիւրաթաղ գիւղի 150 տեղանոց հանդիսութիւններու տան եւ համայնքային կեդրոնի կառուցման աշխատանքները: Ընթացքի մէջ են Մարտունիի շրջանի Սարգսաշէն գիւղի համայնքային կեդրոնի, Ասկերանի շրջանի Իվանեան գիւղի 250 տեղանոց եւ Քռասնի գիւղի 150 տեղանոց հանդիսութիւններու տան եւ համայնքային կեդրոններու կառուցման, Հադրութի շրջանի Թաղասեռ եւ Տումի գիւղերուն մէջ 150 տեղանոց հանդիսութիւններու տան եւ համայնքային կեդրոններու եւ Մարտակերտի շրջանի Գետաւան գիւղի համայնքային կեդրոնի կառուցման աշխատանքները»,- մանրամասնած է նախարարը` ընդգծելով, որ 2017-ին շինարարութեան ոլորտի բաժնեմասը երկրի տնտեսութեան համախառն ներքին արդիւնքին մէջ կազմած է 6,1 %` 2016-ի 5,7%-ի փոխարէն, իսկ պետական պիւտճէի` մօտ 17,8 %-ը` նախորդ տարուան` 15.1 %-ի դիմաց”:

Խօսելով այլ աղբիւրներէ եղած ֆինանսական միջոցներուն մասին` Կ. Շահրամանեան նշած է, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի համաֆինանսաւորման ծրագիրի ծիրէն ներս պետական միջոցներէ յատկացուած է 284 միլիոն 450 հազար դրամ:

Անդրադառնալով առաջնագիծին ուղղուած աշխատանքներուն` քաղաքաշինութեան նախարարը նշած է, որ առաջնորդուելով Արցախի կառավարութեան կողմէ հաստատուած ծրագիրով, Արցախի սահմանի ամբողջ երկայնքով կատարուած են շարք մը շինարարական, ճարտարագիտական աշխատանքներ, որոնք միտուած են զինուորներու ծառայողական եւ կենցաղային պայմաններու ապահովման, ինչպէս նաեւ անվտանգութեան աստիճանի բարձրացման: Բացի նշուածէն, նախարարին տեղեկութիւններով, 2017ին սահմանամերձ բնակավայրերու մէջ ապաստարաններու կառուցման նպատակով Արցախի կառավարութեան պահուստային ֆոնտէն յատկացուած է 553 միլիոն 449 հազար դրամ: Եւս 91 միլիոն 837 հազար դրամ յատկացուած է գոյք գնելու համար, իսկ 80 միլիոն 259 հազար դրամ ծախսուած է քաղաքացիական պաշտպանութեան քայլերուն ծրագիրով:

Խօսելով 2018ի ընելիքներուն մասին` նախարարը նշած է, որ քաղաքաշինութեան ոլորտին մէջ տարուող աշխատանքները մեծ մասամբ ուղղուած պիտի ըլլան բնակարանաշինութեան, մասնաւորապէս ծնելիութեան եւ բազմազաւակութեան խթանման, վերաբնակիչներու եւ փախստականներու բնակարանային խնդիրներու լուծման, օրէնսդրութեամբ սահմանուած այլ խոցելի խումբերուն պատկանող ընտանիքներու բնակարանային պայմաններու բարելաւման ծրագիրներուն: Ուշադրութեան կեդրոնին պիտի ըլլան դպրոցաշինութիւնը, ճանապարհներու կառուցումը, վերանորոգումն ու պահպանումը, մշակութային տարածքներու շէնքային պայմաններու բարելաւումը, ինչպէս նաեւ կառուցապատման կանոնակարգման նոր մօտեցումներու ձեւաւորումը:

author-avatar

This author has not supplied a bio yet.