Արցախ Հաստատուած Լիբանանահայ Ընտանիքը Տուն Ստացաւ Թուֆենկեան Հիմնադրամէն


Լիբանանէն Արցախ տեղափոխուած Վահէ Աշգարեանի ընտանիքը Դեկտեմբերի 25ին բնակարանամուտ նշեց ազատագրուած Քաշաթաղի շրջանի Իշխանաձոր գիւղին մէջ: Առանձնատունը կառուցուած է Թուֆենկեան հիմնադրամին կողմէ` Քաշաթաղի վերաբնակեցման ուղղուած ծրագրի ծիրէն ներս: Ի թիւս այլ ջանքերու, այս ծրագիրը բնակարանային աջակցութիւն կը տրամադրէ Քաշաթաղի մէջ վերաբնակիլ ցանկացող սուրիահայ եւ լիբանանահայ ընտանիքներուն:

Բնակարանամուտի արարողութեան մասնակցեցան Քաշաթաղի վարչական շրջանի աշխատակազմի ղեկավար Դաւիթ Դաւթեան, Թուֆենկեան հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեան, ինչպէս նաեւ Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան, Բերձորի հիւանդանոցի եւ Իշխանաձորի համայնքի ներկայացուցիչները:

Վահէ Աշգարեան իր 4 երեխաներուն հետ Արցախ տեղափոխուած է երկու տարի առաջ եւ նոր տուն հաստատած Իշխանաձոր գիւղին մէջ, ուր այժմ 20 սուրիահայեր եւ լիբանանահայեր կ՛ապրին:

Քաշաթաղը (նախապէս` Լաչին) Արցախը Հայաստանին կապող եւ զանոնք մէկ ամբողջութիւն դարձնող կենսական կամուրջն է: Ան ոչ միայն կ՛երաշխաւորէ Արցախի գոյութիւնը, այլ նաեւ ռազմավարական նշանակութիւն ունի ողջ հայութեան անվտանգութեան եւ խաղաղութեան համար: Ազրպէյճանական 70ամեայ տիրապետութենէն ետք պատմականօրէն հայկական շրջանը ազատագրուած է Արցախեան ազատամարտի ընթացքին եւ այժմ աշխուժօրէն կը վերաբնակեցուի: Բայց, սահմանամերձ այս շրջանը մեծապէս տուժած է պատերազմէն եւ այժմ ունի բնակարանային եւ ենթակառուցուածքներու խնդիրներ:

Այս խնդրին արձագանգելու համար Թուֆենկեան հիմնադրամը 2008ին փորձնական ծրագիր սկսաւ՝ վերանարոգելով Քաշաթաղի գիւղական տուները եւ պատերազմէն ժառանգութիւն մնացած աւիրակները արժանապատիւ կեանքի համար պիտանի տուներու վերածելով : 2008-2010 թուականներուն աւելի քան 40 շինարարական աշխատանքեր կատարուեցան այս ծրագրի ծիրէն ներս: 2010էն ի վեր Թուֆենկեան հիմնադրամը շարունակած է այս ծրագիրը, կեդրոնանալով արդէն յատուկ կարիքներու՝ մասնաւորապէս Սուրիայէն եւ Լիբանանէն Արցախ տեղափոխուած եւ այստեղ վերաբնակեցում հաստատած հայ ընտանիքներու բնակարան ապահովելուն վրայ:

Վահէ Աշգարեան Միջին Արեւելքէն Քաշաթաղ տեղափոխուած երկրորդ վերաբնակիչն է, որուն համար 2017ին առանձնատուն կառուցած է Թուֆենկեան հիմնադրամը: Այս տարուան Յունիսին սուրիահայ բժիշկ Հայկ Խաչօն (Խաչատրեան) եւս բնակարան ունեցաւ նոր գիւղին մէջ:

Վահէ Աշգարեանի ընտանիքին նոր տուն տրամադրելու համար Թուֆենկեան հիմնադրամը ամբողջութեամբ վերակառուցած է պատերազմի հետեւանքով աւերակներու վերածուած տուներէն մէկը` փոխակերպելով զայն ընդարձակ, անվտանգ եւ լուսաւոր առանձնատան: Շինարարական աշխատանքները կատարուած են տեղացի մասնագէտներու կողմէ եւ տեւած մօտ 5 ամիս:

Դիմելով զինք շնորհաւորելու համար հաւաքուած հիւրերուն, Վահէ Աշգարեան ըսած է․ «Արցախ տեղափոխուիլը, այս տոհմական տան մէջ նոր կեանք սկսիլը ամենալաւ որոշումն էր, որ կրնայի ընդունիլ ընտանիքիս համար: Երջանիկ եմ հայրենակիցներուս կողմէ այսպիսի աջակցութիւն ստանալու համար եւ կը խոստանամ ողջ կարողութիւններս ներդնել Արցախը ծաղկեցնելու համար»:

Վահէն հմուտ գիւղատնտես է եւ ջերմոցային տնտեսութիւն կը վարէ: Ընտանիքի բարեկեցութեան օժանդակելու համար Թուֆենկեան հիմնադրամը Վահէին տրամադրած է ջերմոց մը, որ արդիւնաւէտ շահագործման պարագային կրնայ նաեւ աշխատանքի հնարաւորութիւններ ստեղծել համագիւղացիներուն համար։

Վահէ Աշգարեանի ընտանիքի համար առանձնատան կառուցմանը զուգահեռ Թուֆենկեան հիմնադրամը վերանորոգած է Իշխանաձորի Բուժարանը։

Արցախի ազատագրուած տարածքներու վերակառուցումը, վերաբնակեցումը եւ զարգացումը Թուֆենկեան հիմնադրամի գլխաւոր առաքելութիւններէն մէկն է, որու իրականացման ուղղուած աշխատանքները շարունակական բնոյթ պիտի կրեն: