Աւստրալիոյ Կանաչներու Կուսակցութիւնը Պաշտօնապէս Ճանչցաւ Արցախի Հանրապետութիւնը


Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը կը յայտնէ, որ Աւստրալիոյ Կանաչներու կուսակցութիւնը կուսակցական քաղաքականութեան ծրագրին մէջ ներառած է Արցախի Հանրապետութեան բնակիչներու ինքնորոշման իրաւունքը:

 Կուսակցութիւնը, որ ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, կոչ ըրած է կառավարութեան «Ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը եւ զօրացնելու Աւստրալիոյ յարաբերութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի եւ անոր քաղաքացիներուն հետ»:

«Աւստրալիոյ Կանաչները կ՛արձանագրեն Լեռնային Ղարաբաղի գործադրած ջանքերը` կառուցելու ազատ եւ ժողովրդավարական հասարակութիւն օրինաւոր խորհրդարանական ընտրութիւններու միջոցով, ինչպէս նաեւ շարունակական աշխատանքները պատասխանատու կառավարութիւն ունենալու հարցով», կ՛ըսուի կուսակցութեան յայտարարութեան մէջ:

Աւստրալիոյ հայ դատի յանձնախումբի տնօրէն Վաչէ Ղահրամանեան ողջունած է կուսակցութեան որոշումը` նշելով, որ Լեռնային Ղարաբաղը հազարամեակներ շարունակ եղած է մեծ հայկական հայրենիքի մէկ մասը: Աւստրալիոյ մէջ Արցախի մշտական ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեան եւս ԼՂՀ կառավարութեան անունէն ողջունած է քաղաքական ուժի որոշումը: «Սա իսկապէս պատմական ճանաչում է: Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդը արդէն 26 տարիէ կ՛ապրի անվտանգութեան մշտական սպառնալիքի տակ: Այդուհանդերձ, անոնք կրցած են կառուցել ժողովրդավարական պետութիւն, որ կը սպասէ աշխարհի կողմէ ճանաչման», ընդգծած է ան:

Աւստրալիոյ դաշնային խորհրդարանին մէջ Աւստրալիոյ Կանաչները ներկայացուած են Վերին պալատին մէջ ինը ծերակուտականով եւ Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ մէկ անդամով: