Թաներ Աքչամի Նախաձեռնութեամբ՝ Գրիգոր Կէրկէրեանի Արխիւը Հասանելի Պիտի Դառնայ Գիտնականներուն


Դոկտորական թեկնածուներ Աննա Ալեքսանեան, Պուրչին Կերչեք եւ Անի Օհանեան (նստած, ձախէն) կ՛աշխատին փրոֆ․ Թաներ Աքչամի հետ `Գրիգոր Կերէկեանի արխիըին վրայ։

«Ակունք».- Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած հոգեւորական Գրիգոր Կէրկէրեան (Գրիկըր) յատկանշական փաստեր հաւաքած էր թրքական վայրագութիւններուն մասին։ Այդ հաւաքածոն բոլոր գիտնականներուն հասանելի դարձնելու նպատակով, «Քլարք» համալսարանի Ողջակիզման եւ Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան կեդրոնի «Գալուստեան-Մուկար» հայագիտական հետազօտութիւններու ամպիոնի վարիչ փրոֆ. Թաներ Աքչամ վերջերս համագործակցեցաւ ուսանողներու եւ թուրք փորձագէտներու հետ՝ թուային արխիւ մը ստեղծելու համար։

Արխիւը կը պարունակէ հազարաւոր բնօրինակ փաստաթուղթեր եւ Գրիկըրի  չտպագրուած նիւթերը: Հոն կան Հալէպի մէջ օսմանեան պաշտօնեայ Նայիմ պէյի ձեռագիր յուշերը, որոնք երկար ժամանակ անհետացած համարուած էին, ինչպէս նաեւ՝ Երուսաղէմի պատրիարքարանի փաստաթուղթերը, որոնք կը պարունակեն կարեւոր տեղեկատուութիւններ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ 1919-1922ին Պոլսոյ մէջ տեղի ուենցած ոճրագործներու դատավարութիւններուն մասին:

Ուշագրաւ են գաղտնազերծուած հեռագիրները, որոնք Օսմանեան կայսրութեան ներքին գործոց նախարար Թալաթ փաշան, բանակի հրամանատարները եւ կառավարութեան զինեալ ուժերու ղեկավարները ուղարկած են կայսրութեան շրջաններու ղեկավարներուն: Այդ հեռագիրներէն մէկ մասին վրայ գտնուող օսմանեան պետական կնիքը յստակ կերպով  կ՛ընդգծէ օսմանեան կառավարութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ծրագրումը եւ իրագործումը: Սպանդի այդ հրամանները կը համարուին Հայոց Ցեղասպանութեան ապացոյցներ, որոնք հիմքն են Աքչամի՝ «Սպանութեան Հրամաններ. Թալաթ Փաշայի Հեռագիրերը Եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը» նոր հատորին:

Արխիւին մասին փրոֆ. Աքչամ կը գրէ հետեւեալը. «Այս նիւթերուն հասանելիութիւնը ներուժ ունի փոխելու գիտական ու քաղաքական քննարկումը, ինչպէս նաեւ պայքարելու թրքական ժխտողականութեան դէմ: Իմ պարտականութիւնն է այդ ապացոյցները հասանելի դարձնել աշխարհին»:

Արխիւին ստեղծման նիւթապէս օժանդակած են «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը, «Ժիրայր Նշանեան» հիմնարկը, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, «Տատրեան» հիմնարկը եւ այլ կազմակերպութիւններ:

Պելմոնթ հաստատուած Հայագիտական ուսմանց եւ ուսումնասիրութեանց ազգային միութեան նուիրուած են Կէրկէրեանի արխիւին մէջ ներառուած բնօրինակ նիւթերը, որոնք պիտի դառնան անոր «Մարտիկեան» գրադարանի մէկ մասը: Ուսումնասիրողներու համար թուային արխիւի նիւթերը հասանելի պիտի դառնան Հայագիտական ուսմանց եւ ուսումնասիրութեանց ազգային միութեան գլխաւոր գրասենեակի շէնքի բացումէն ետք (2019ի աշնան):