Աֆրինի Մէջ Հայ Մը Վիրաւորուած է


“Գանձասար”․- Տեղական աղբիւրներ, Յունուարին 25ին յայտնեցին, թէ Աֆրինի դէմ թրքական գրոհին հետեւանքով, Մահմուտիէ շրջանին մէջ հրթիռ մը ինկած է հայ ընտանիքի մը բնակարանին վրայ եւ վիրաւորուած է ընտանիքի անդամներէն մէկը։

Դամասկոսի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը հաստատեց Աֆրինի մէջ հայու մը վիրաւորուելուն լուրը:

Աֆրինի մէջ ներկայիս կ՚ապրի երեք հայ ընտանիք։

Նշենք, որ Թուրքիան, Յունուար 20ին, նախաձեռնած էր Աֆրին ներխուժման գործողութիւնը, որուն առաջնագիծի վրայ կը մասնակցին թրքական հովանաւորութեամբ ստեղծուած տարբեր զինուած խմբաւորումները: Թրքական կանոնաւոր բանակի ուժերը 2րդ գիծ առաջ կը շարժին: Թրքական պաշտօնական տեղեկութիւններուն համաձայն՝ թրքական կանոնաւոր բանակը տուած է 3 զոհ։

Մինչեւ պատերազմական գործողութիւնները՝ Աֆրինի մէջ բնակած են մեծ թիւով հայեր, հայաբնակ եղած է նաեւ անոր մօտ գտնուող Ազազ գիւղը: Աֆրինի ու Ազազի մէջ ժամանակին գործող հայկական եկեղեցիներն ու մշակութային տուները աւերուած են: