Բակօ Սահակեանի Ուղերձը՝ Նուիուած Արցախեան Շարժման 30ամեակին


Նախագահ Բակօ Սահակեան Փետրուար 20ին շնորհաւորական ուղերձ յղած է Արցախի վերածնունդի օրուան առթիւ: Ուղերձին մէջ կ՛ըսուի.

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններու եւ անձամբ իմ անունէն ի սրտէ կը շնորհաւորեմ ձեզ Արցախի վերածնունդի օրուան առթիւ:

30 տարի անցած է այն օրէն, երբ մեր ժողովուրդը միասնական ու միակամ ոտքի ելաւ` իր վճռորոշ ձայնը բարձրացնելով յանուն մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան: Ատիկա խաղաղ եւ արդարացի պահանջ էր, որուն Ազրպէյճանը պատասխանեց Պաքուի, Սումգայիթի եւ այլ բնակավայրերու մէջ հայ բնակչութեան կոտորածներով, բռնի տեղահանումներով, հազարաւոր մարդիկ դարձան այդ յանցաւոր քաղաքականութեան զոհը:

Ազրպէյճանի կողմէ մեզի պարտադրուած անհաւասար եւ արիւնալի պատերազմը ա՛լ աւելի կոփեց մեր ժողովուրդի կամքը, միաւորեց համայն հայութիւնը մեր պապենական հողը պաշտպանելու եւ անոր իրական տէրը դառնալու գործին: Այդ միասնութեան ու համախմբուածութեան, մեր ժողովուրդի հայրենասիրութեան եւ ազատատենչ ոգիին շնորհիւ մենք կրցանք ոչ միայն դիմակայել սանձազերծ հակառակորդին, այլեւ տօնել մեծ յաղթանակներ:

Եւ այսօր` 30 տարի անց, կրնանք հպարտօրէն արձանագրել, որ մեր ժողովուրդի ընտրութիւնը ճիշդ էր, եւ մենք այլ ճանապարհ չունէինք: Մայր Հայաստանի եւ Սփիւռքի մեր քոյրերու ու եղբայրներու հետ միասին հերոսաբար պաշտպանեցինք վտանգուած հայրենիքը, վերականգնեցինք աւերուած տնտեսութիւնը եւ ստեղծեցինք կայուն հիմքեր անոր յետագայ զարգացման համար, կազմաւորուեցաւ պաշտպանութեան բանակը, որ դարձաւ ոչ միայն մեր երկրի, այլեւ տարածաշրջանի կայունութեան ու խաղաղութեան երաշխաւորը, ծնաւ ու դաստիարակուեցաւ սերունդ մը, որուն համար հայրենիքի ազատութիւնն ու անկախութիւնը բացառիկ արժէքներ են:

Թանկագի՛ն բարեկամներ,

Ես աւելի քան վստահ եմ, որ մեր ժողովուրդը կեանքի պիտի կոչէ իր բոլոր նուիրական իղձերն ու նպատակները:

Մէկ անգամ եւս կը շնորհաւորեմ բոլորս պետական կարեւորագոյն տօնի առիթով եւ կը մաղթեմ խաղաղութիւն ու մեծագոյն յաջողութիւններ մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին»: