Բակօ Սահակեան Սահմանեց Արցախի Նոր Կառավարութեան Կառուցուածքն Ու Կազմը


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ․-

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան 25 սեպտեմբերին ստորագրած է հրամանագիր մը, որով սահմանուած է կառավարութեան հետեւեալ կառուցուածքը.

պետական նախարար, առողջապահութեան նախարարութիւն, արդարադատութեան նախարարութիւն, արտաքին գործոց նախարարութիւն, աշխատանքի, ընկերային հարցերու եւ վերաբնակեցման նախարարութիւն, բնապահպանութեան եւ բնական պաշարներու նախարարութիւն, գիւղատնտեսութեան նախարարութիւն, տնտեսութեան եւ արտադրական ենթակառուցուածքներու նախարարութիւն, կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւն, մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւն, պաշտպանութեան նախարարութիւն, քաղաքաշինութեան նախարարութիւն, ելեւմուտքի նախարարութիւն: Սահմանուած են նաեւ պետական կառավարման այլ մարմիններ. ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն ոստիկանութիւն, արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւն:

Նախագահին հրամանագիրով կատարուած են հետեւեալ նշանակումները.  պետական նախարար` Արա Յարութիւնեան, առողջապահութեան նախարար` Կարինէ Աթայեան, արդարադատութեան նախարար` Արարատ Դանիէլեան, արտաքին գործոց նախարար` Մասիս Մայիլեան, աշխատանքի, ընկերային հարցերու եւ վերաբնակեցման նախարար` Սամուէլ Աւանեսեան, բնապահպանութեան եւ բնական պաշարներու նախարար` Վազգէն Միքայէլեան, գիւղատնտեսութեան նախարար` Ժիրայր Միրզոյեան, տնտեսութեան եւ արտադրական ենթակառուցուածքներու նախարար` Լեւոն Գրիգորեան, կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար` Նարինէ Աղաբալեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար` Սերկէյ Շահվերդեան, պաշտպանութեան նախարար` Լեւոն Մնացականեան, քաղաքաշինութեան նախարար` Կարէն Շահրամանեան, ելեւմուտքի նախարար` Գրիգորի Մարտիրոսեան:

Նոյն օրը նախագահ Սահակեան այցելած  է տարբեր նախարարութիւններ եւ այլ գերատեսչութիւններ` աշխատակազմերուն ներկայացնելով նոր նշանակուած ղեկավարները` անոնց մաղթելով արդիւնաւէտ աշխատանք:

Նախագահը երախտագիտութիւն յայտնած է վերոյիշեալ կառոյցներու նախկին ղեկավարներուն` իրենց գործունէութեան համար: