Բացօթեայ Սրբազան Համերգ` Թորոնթոյի Ս․ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Առջեւ


Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ «Զարեհ Ազնաւուրեան» Դպրաց դասը ելոյթի ժամանակ

Սեդա Գանտահարեան


Հանդիսապետութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ.Բաբգէն Ս.Արք.Չարեանի՝ Ս.Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով, 15 Օգստոս 2019-ի երեկոյեան ժամը 8.30-ին, տեղի ունեցաւ համերգ՝ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ կիսասարկաւագ Ասպետ Սղման, որ ողջունեց բոլորը եւ ներկայացուց ելոյթին յայտագիրը:

Համերգին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ «Զարեհ Ազնաւուրեան» Դպրաց դասի սարկաւագաց, երէց, կրտսերաց դասու անդամները, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները:

Համերգը սկիզբ առաւ երէցներու երգչախումբի հոգեզմայլ երգերով՝ խմբավարութեամբ Անուշ Գալստեանի եւ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Արթուն Միսգճեանի: Երգչախումբը յաջորդաբար ներկայացուց Հայ եկեղեցւոյ անկորնչելի գոհարներէն հատուածներ, Ս.Պատարագէն եւ Աստուածամօր նուիրուած շարականներ, ինչպէս նաեւ հոգեւոր եւ հայրենասիրական երգեր, որոնք կատարուեցան գունագեղ եւ հրաշալի համաշունչ հնչեղութեամբ:

Ելոյթի յայտագրին մաս կազմեց նաեւ եկեղեցւոյ դպրաց դասի անդամներէն «թաւաձայն» Վարդան Սրկ.Գաբրիէլեան՝ օփերայի իր շքեղ ձայնով առաւել եւս փայլք տալով համերգին։

Յայտագրի երկրոդ բաժինով հանդէս եկան եկեղեցւոյ կրտսերաց անդամները՝ ղեկավարութեամբ եւ դաշնամուրի մասնակցութեամբ Հիլտա Գանտահարեանի: Փոքրիկներու ելոյթը բեմին վրայ աննախընթաց էր, թէ՛ երգացանկով եւ թէ՛ կատարողութեամբ: Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր երաժշտութեան գոհարները երգչախումբին կողմէ նուիրուեցան Ս.Կոյս Մարիամին, պատանիներուն մատղաշ շրթներէն որպէս աղօթք վեր բարձրացան առ Աստուած:

Յայտագրի ընթացքին մէջընդմէջ ասմունքներով ելոյթ ունեցան կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Աթանօսեանի:

Օրուան ելոյթը ճոխացաւ քանոնահար, դպրուհի Մատիանա Թորոսեանի եւ դաշնակահար Անթուանէթ Մանուկեանի գեղեցիկ ելոյթներով:

Յայտագրի աւարտին, բոլորին տրամադրութիւնը հասած էր իր գագաթնակէտին, որովհետեւ մատուցուած ելոյթը սովորական համերգ մը չէր, այլ կատարեալ տօնախմբութիւն: Վահան Թէքէեանի բառերով կարծէք բոլորին դիմաց բացուած էր այն ուղին, որ կ’ըսէ. «Եկեղեցին Հայկական դէպի երկինք բարձրացող գաղտնի ճամբայ մը ունի»։ Թէ ներկաները եւ թէ երկինքը յուզումնախառն արցունքներով իրենց բաժինը բերին օրուան խորհուրդին: Ելոյթին վերջին բաժինը շարունակուեցաւ եկեղեցիէն ներս անձրեւներու պատճառաւ: Երկինքն անգամ իր իւրայատուկ ոճով իր սէրը եւ երախտիքը յայտնեց Ս.Կոյս Մարիամի նկատմամբ:

Համերգի աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օրուան եզրափակիչ իր խօսքին մէջ իր գոհունակութիւնը յայտնեց եւ գնահատեց կազմակերպիչ յանձնախումբը, եկեղեցւոյ հավիւներն ու հոգաբարուները, ինչպէս նաեւ ելոյթի բոլոր մասնակիցները անխտիր:

Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ «Հայր Մեր» աղօթքով, «Կիլիկիա» մաղթերգով եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր պահպանիչ աղօթքով՝ տօնական հրաշալի ելոյթին ներկաներուն պարգեւած բարձր տրամադրութեամբ: Գեղարուեստական յայտագրի բոլոր մասնակիցներուն գեղեցիկ ծաղկեփունջեր մատուցուեցան, որմէ ետք հիւրասիրութիւն մը տեղի ունեցաւ սրահէն ներս:

Եկեղեցւոյ կրտսերաց անդամները՝ ելոյթի պահուն