Բաւարար Սպառազինութիւն Ունինք, Որպէսզի Չէզոքացնենք Ղարաբաղին կամ Հայաստանին Սպառնացող Վտանգը. Սերժ Սարգսեան


Հայաստանի զինուած ուժերը ունին բաւարար քանակի զինատեսակներ եւ զինամթերք, որոնք պարբերաբար կը թարմացուին, «Արմենիա» հեռատեսիլի ընկերութեան «Ռ-էւոլիւցիա» հաղորդման ընթացքին ըսած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան:

«Մեր զինուած ուժերու սպառազինութիւնը պարբերաբար կը թարմացուի: Մենք լուրջ սպառազինութիւններ ապահոված էինք ինչպէս մինչեւ ապրիլեան քառօրեան, այնպէս ալ` անկէ ետք: Այլ խնդիր է, որ որեւէ ռազմական գործողութիւն` ըլլայ մէկօրեայ, մէկ տարուայ, հինգ տարուայ, ատիկա դաս է, որ պէտք է սերտես եւ հետեւութիւններ ընես: Որովհետեւ նոյն ռազմական գործողութիւններուն ժամանակ է, որ կը դրսեւորուի, թէ հակառակորդդ ինչ կ՝օգտագործէ եւ ինչ ձեւով կ՝օգտագործէ, եւ փորձես գտնել անոր հակաթոյնը», խօսելով ապրիլեան պատերազմէն ետք բանակի համալրումներուն մասին, յայտարարած է Հայաստանի նախագահը:

Անդրադառնալով 80ականներու զէնք ունենալու մասին իր յայտարարութեան, որ տարատեսակ շահարկումներու առիթ դարձաւ քաղաքագիտական շրջանակներու կողմէ, ան ըսած է. «Իրենց քաղաքագէտ կոչողները պէտք է շատ լաւ հասկնան, թէ խօսքը որ լսարանի մէջ կը հնչէր եւ ինչ նպատակով: Ասիկա մէկ: Եւ երկրորդ` այո, այն ժամանակ մենք չունէինք որոշ զինատեսակներ, որ Ազրպէյճան հասցուցած էր ունենալ: Իսկ ինչ է` գաղտնի՞ք է արդեօք, որ Ազրպէյճան մեզմէ հարուստ է, որ Ազրպէյճան աւելի շատ միջոցներ կը ծախսէ զինատեսակներու վրայ եւ այլն: Գաղտնիք չէ: Եթէ ոեւէ մէկը կրնայ ըսել, որ ինքը երկու տարիէն կամ հինգ տարիէն կրնայ Հայաստանը դարձնել աւելի հարուստ պետութիւն, քան Ազրպէյճանը, այդ մարդը պէտք է հեռու քշել քաղաքականութենէ: Որովհետեւ ատիկա «շառլաթանութիւն» է, ատիկա սուտ է: Ատոր համար շատ տեւական ժամանակ պէտք է: Մենք ե՛ւ այն ժամանակ, ե՛ւ այսօր ունինք բաւարար սպառազինութիւն, որպէսզի կարենանք մեր զօրքի մարտական ունակութիւններու օգտագործմով չէզոքացնել այն վտանգը, որ կը սպառնայ Լեռնային Ղարաբաղին կամ Հայաստանի Հանրապետութեան»:

Նախագահը նշած է, որ պատերազմին միայն զէնքը չի յաղթեր: «Պատերազմի հիմնական գործող անձը զինուորն ու սպան են, զինուորն ու հրամանատարն են: Եւ այդ զինուորն ու հրամանատարը պէտք է ունենան ոչ թէ ամենաժամանակակիցը, որովհետեւ ատիկա անհնար է, որեւէ երկրի համար անհնար է, այլ բաւարար զինատեսակ եւ զինամթերք` խնդիրը լուծելու համար: Այսօր մեր զինուած ուժերը ունեն բաւարար զինատեսակներ եւ բաւարար զինամթերք», աւելցուցած է Սերժ Սարգսեան: