Բրիտանական Լրատուամիջոցը Անդրադարձած Է Արցախի Կին Ականազերծողներու Մասին


“Նիուզ”,- Արցախի մէջ ականազերծող կանանց անդրադարձած է Postive News բրիտանական լրատուամիջոցը:

Արցախի մէջ ականազերծման աշխատանքներով զբաղող «Halo Trust» միջազգային կազմակերպութեան մէջ կանայք կ՛աշխատին 2015էն: Այժմ Արցախի մէջ կազմակերպութեան աշխատողներէն 11-ը կանայք են, քանի մը հոգի ալ յատուկ դասընթացքիմ կը մասնակցին, որպէսզի շուտով համալրեն անոնց շարքերը:

Ականազերծող Քրիստինէ Խաչատրեանը առաջ կ՛աշխատէր դպրոցի մէջ: Ան պատմած է, որ սկիզբը կը վախնար, սակայն դասընթացքին մասնակցելէ ետք այժմ այնպէս կ՛աշխատի, որ իր ամուսինն ու երեխաները կրնան հպարտանալ:

Մէկ այլ ականազերծող` Լուսինէ Ասրեանը, պատմած է, որ այս աշխատանքով զբաղուելու համար խոր, անձնական պատճառներ ունի. Ասրեանի հօրեղբայրը զոհուած է ականի պայթիւնէն, որմէ ետք ալ ան որոշած է ականազերծող դառնալ:

Հակառակ կարծրատիպերուն` կին ականազերծողները հպարտ են, որ տղամարդոցմէ ետ չեն մնար: Մէկ այլ ականազերծող` Սիրուն Օհանեանը, ըսած է, որ կանայք իրականութեան մէջ աւելի լաւ կրնան կատարել այս աշխատանքը, քանի որ անոնք աւելի բծախնդիր են, զգոյշ եւ պատասխանատու:

Աշխատանքի ամենամեծ դժուարութիւնը, կանանց խօսքով, երեխաներէն հեռու ըլլալն է: Դժուար են նաեւ եղանակային պայմանները, երբ ձմրան խիստ ցուրտ է, իսկ ամրան կիզիչ արեւի տակ ժամերով աշխատիլը` գրեթէ անտանելի: Սակայն աշխատանքի աւարտը արդէն մօտ է: 2010էն ի վեր ականազերծման ենթական տարածքի 90 տոկոսը արդէն վնասազերծուած է:

Լրատուամիջոցը կը գրէ, որ բացի ինքնահաստատուելէ, կանայք կ՛երազեն Արցախի մէջ ապահով ապագայ ունենալու մասին, ուր անոնց երեխաները կարենան ազատ շրջել դաշտերով:  «Երբ ականները վնասազերծուին, կեանքը պիտի դառնայ ապահով, եւ մարդիկ պիտի կարենան ապրիլ` առանց վախի», ըսած է Խաչատրեան: