Գամիշլիահայութիւնը Տօնեց Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Անկախութեան Տարեդարձը


Մայիս 28ի առաւօտեան Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Եւ Անմահ պատարագ մատուցուեցաւ ի յիշատակ Մայիս 28ի դիւցազնամարտերու 99ամեակին, գլխաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբան  Դոկտ. Ռուբէն Աբղ. Նալպանտեանի։

Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ դասը, ժողովուրդին հետ թափօր կազմած, ընկերակցեցաւ ՀՄԸՄի փողերախումբին ու սկաուտներուն եւ բոլորը միասին ուղղուեցան դէպի առաջնորդարանի շրջափակ, ուր տեղի ունեցաւ ծաղկեմատոյց եւ հոգեհանգստեան արարողութիւն Մայիսեան եւ Արցախեան հերոսամարտերու անմահ նահատակներուն յիշատակին։

Երեկոյեան «Կիւլպէնկեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ փառաշուք տօնակատարութիւն՝ հովանաւորութեամբ Դոկտ. Ռուբէն Աբղ. Նալպանտեանի, ներկայութեամբ Պատկան Մարմնի, ազգային եւ միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներուն եւ հոծ բազմութեան։

Հանդիսավարներ Խաչիկ Ղուկասեան եւ Եւա Մանուկեան -Սելիմեան ներկաները հրաւիրեցին մէկ վարկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու յիշատակը մայիսեան ճակատամարտի, արցախեան հերոսամարտի եւ սուրիական հայրենքի նահատակներուն, որմէ ետք ՀՄԸՄի փողերախումբը հնչեցուց Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգները ապա խանդավառեց ներկաները ազգային եւ յեղափոխական երգերով:

Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Սեդրակ Ղուկասեան։ Ան դիտել տուաւ որ. ‹‹ Հայրենիք կերտելը Հայաստանի վերջին հողակտորին վրայ եւ անկախ պետութիւն ստեղծելը իր թուաքանակին կէսը զոհ տուած հայ ժողովուրդի արիարանց զաւակներուն կողմէ պատմակշիռ սխրագործութեանց մեծագոյնն է։
‹‹Ինչ որ Մայիսը տուաւ մեզի իբրեւ անկրկնելի յաղթանակ ոչ մէկ նոյեմբեր կրնայ խլել հայ ժողովուրդէն եւ հայոց պատմութենէն››։

ՍԵՄի Զաւարեան Պատանեկան Միութեան պատանիները խմբային ասմունքով , հայկական պարով եւ բուրքի կազմութեամբ յատուկ երանգ մը տուին յայտագիրին, զայն նուիրելով Շուշիի ազատագրման 25ամեակին։
Օրուան խորհուրդը փոխանցեց Աբիկ Քեհեայեան, որ նախ լուսարձակի տակ առաւ Մայիսեան դիւցազնամարտի անդրադարձը հայ ժողովուրդին վրայ ըսելով. ‹‹ Մայիս 28ի յաղթանակով կանգ առաւ հայոց պատմութեան դժուար ընթացքը, իր վրայէն թոթափեց բռնատիրական վարչակարգերու լուծը եւ յայտարարեց, թէ այնու հետեւ հայ ժողովուրդը ինքն է տէրը իր ճակատագրին եւ իր որոշումով պիտի ապրի ազատ, անկախ եւ ինքնիշխան ››։ Մատնանշելով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը ան յայտնեց. ‹‹ՀՅ Դաշնակցութիւնը չէր կրնար ուրանալ նաեւ կովկասը ու երբ ահազանգը հնչեց, ան ներկայացաւ ճակատ իր կամաւորական գունդերով, մտաւորականներով եւ պետական դէմքերով››։

Հայ պայքարի շարունակական ընթացքը լուսարձակի տակ բերելով բանախօսը ըսաւ. ‹‹ Պայքարը պիտի շարունակուի եւ ծաւալի , պիտի քանդէ ամէն խոչընդոտ, պիտի պատռէ հայութեան պարտադրուած ամէն քարտէզ, մինչեւ որ Սարտարապատէն եկող եւ Ծիծեռնակաբերդէն անցնող կանչը Արցախէն արձագանգելով միանայ Սասնայ լեռներու կանչին, մինչեւ որ հայութիւնը Արարատը տեսնէ իր երկու կողմերով››։

Անդրադառնալով Շուշիի ազատագրման մարտերուն բանախօսը ըսաւ. ‹‹ 20-րդ դարու վերջաւորութեան այն ինչ որ պատահեցաւ Արցախի մէջ ոչ թէ առասպել էր այլ իրականութիւն, որ այնուամենայնիւ փաստեց որ կայ հերոսական
ազգ մը, մարդկային մտքի ու հոգիի աներեւակայելի թռիչքով, որ վեր կը յառնի որպէս առասպել ….. Արցախը մայր հայրենիքի հետ միացնելու համար անհրաժեշտ էր մաքրել Շուշին։ Կենաց մահու պատերազմ էր եւ հայ ժողովուրդը ազգային արժանապատուութեամբ ընդունեց մարտահրաւէրը եւ յաղթական դուրս եկաւ ››։

Բանախօսութենէն ետք, տեսերիզով 1918ի հերոսական կռիւներու ժամանակագրութիւնը ներկայացուեցաւ։

Ազգային Յեղափոխական փունջ մը երգեր ներկայացուցին Ատուր Ադամեան, Վազգէն Կիրակոսեան, Ռաֆֆի Օհանեան եւ Շիրակ Օհանեան, ընկերակցութեամբ Քրիստ Միքայէլեանի եւ Յովսէփ Պլպըլէի երաժշտական խումբին։

Դոկտ. Ռուբէն Աբղ. Նալպանտեան իր հայրական պատգամով, օրհնութեամբ եւ «Պահպանիչ» աղօթքով փակեց օրուան հանդիսութիւնը։