Փաշինեան Եւ Թրիւտօ Գանատա-Հայաստան Յարաբերութիւններուն Հզօրացումը Կը Խոստանան


Հոկտեմբեր 13ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտոյի համատեղ մամլոյ ասուլիսը։

Վարչապետ Թրիւտօ ընդգծեց, որ գանատահայերը կը հարստացնեն Գանատայի համայնապատկերը, եւ պէտք է շարունակել երկու երկիրներու միջեւ առկայ բարեկամական յարաբերութիւնները: 

 «Հայաստանի հետ մեր բարեկամութիւնը դուք ալ աւելի ամրացուցիք այս շաբաթուան ընթացքին: 80ականներուն ես Հայաստան այցելած եմ հօրս եւ եղբայրներուս հետ: Այդ օրերէն ի վեր մենք կ՛ամրացնենք մեր երկիրներու կապերը: Այս շփումները կարեւոր են նաեւ գանատահայ համայնքի համար: Գանատայի մէջ 60 հազարնոց հայ համայնք կայ, որ կը հարստացնէ մեր համայնապատկերը: Գանատահայերը իրենց տաղանդը կը շարունակեն ներդնել աւելի լաւ Գանատա ստեղծելու համար: Մեր երկու երկիրներու քաղաքացիները մեր ընդհանուր պատմութիւնը կը գրեն», ըսաւ Թրիւտօ:

Անոր խօսքով` իրենք տարբեր հարցեր քննարկած են վարչապետ Փաշինեանի հետ հանդիպման ընթացքին:

«Ես եւ Նիկոլը քննարկեցինք նաեւ Հայաստանի ու Գանատայի միջեւ օդային ճանապարհորդութիւնը դիւրացնելու խնդիրը: Հիմա 21 ժամ կը պահանջուի Երեւանէն Օթթաուայ ճանապարհորդելու համար: Այս հանդիպումը միայն սկիզբը կը դնէ մեր համագործակցութեան: Գանատան ստեղծած է քաղաքացիներու առաջակներն ու բողոքներոը քննող անկախ մարմին, որ պիտի աշխատի գործարարներու հետ: Մեր յոյսերն ու երազանքները կապուած են ողջ աշխարհի հետ: Մենք պիտի շարունակենք գալիք ամիսներու ու տարիներու ընթացքին այս խօսակցութիւնները», ըսաւ Գանատայի վարչապետը:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին` հիւրընկալութեան ու Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան գագաթնաժողովի ձեռնարկները բարձր մակարդակով կազմակերպելու համար:

Իր հերթին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ողջունելով Պր․ Թրուտոյի այցը Հայաստան, շեշտեց, որ ան Գանատայի առաջին վարչապետն է, որ պաշտօնական այցով կ՛այցելէ Հայաստան: «Ասիկա պատմական իրադարձութիւն է, եւ ես յոյս ունիմ,  որ այս իրադարձութեան արդիւնքով մեր յարաբերութիւններուն մէջ պատմական զարգացումեր կ՛ըլլան․․․ մենք քննարկեցինք մեր յարաբերութիւններուն եւ միջազգային յարաբերութիւններուն վերաբերող լայն շրջանակ: Ուրախ եմ արձանագրելով, որ, ըստ էութեան, բոլոր հարցերու վերաբերեալ մենք ունինք ընդհանուր պատկերացումներ: Գանատայի վարչապետը տեղեկացուած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու վերաբերեալ: Ուրախ եմ, որ ունինք Թրիւտոյի աջակցութիւնը Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան գործընթացին մէջ», ըսաւ ՀՀ վարչապետը:

Ըստ Թրիւտոյի՝ Հայաստանի Մէջ ներդրումներու մեծ ներուժ կայ, որոնք հետաքրքրական են գանատական ընկերութիւններուն ու Գանատայի հայերուն:  «Հայաստանի ու Գանատայի միջեւ կան արդէն ձեւաւորուած տնտեսական ու գործարար յարաբերութիւններ: Մենք քննարկեցինք քանի մը ասպարէզներ, ուր կրնանք խորացնել այդ յարաբերութիւնները», յայտնեց ան:

 Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ Գանատայի դեսպանատուն բանալու անհրաժեշտութիւն մասին՝ Թրիւտօ ըսաւ, որ ատիկա պիտի ըլլայ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները բարելաւելէն ետք։

«Մենք կը հասկնանք, որ Հայաստանի մէջ Գանատայի դեսպանատուն բանալը լուրջ յառաջընթաց պիտի ըլլայ: Որքան աւելի բարելաւուին երկու երկիրներու յարաբերութիւնները, ժամանակի ընթացքին անհրաժեշտ պիտի ըլլայ սկսելու այդ գործընթացը: Մենք յոյս ունինք ապագային անդրադառնալ այդ հարցին», ըսած է ան:

Խօսելով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին, Թրիւտօ ըսաւ, որ Գանատան պիտի շարունակէ միջազգային հարթակներու մէջ ջատագովել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու ընդունումը:  «Այստեղ Երեւանի մէջ ես հնարաւորութիւն ունեցայ այցելելու Ցեղասպանութեան յուշահամալիր: Շատ զգացմունքային պահ էր: Աշխարհը պէտք է նման ոճրագործութիւններուն ըսէ` այլեւս երբեք: Գանատա վաղուց ընդունած ու ճանչցած է Ցեղասպանութիւնը: Գանատան կարեւոր դեր կը խաղայ աշխարհով մէկ, մանաւանդ վերջերս յստակ քայլեր կը ձեռնարկէ այդ ուղղութեամբ` նմանօրինակ ոճիրներու հաւանականութիւնը նուազեցնելու համար: Մենք պիտի շարունակենք ջատագովել Հայոց Ցեղասպանութեան ընդունումն ու ճանաչումը, որովհետեւ ացնեալի ճանաչումը առաջին քայլն է խաղաղութիւն ու երկխօսութիւն ստեղծելու ճանապարհին», ըսաւ ան:

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով` Հայոց ցեղասպանութեան ընդունումը երկու կարեւոր խնդիր է լուծում:

«Նախեւառաջ անիկա իր նպաստը կը բերէ ատոնց դէմ համաշխարհային պայքարին: Քանի որ 21րդ դարուն ատոնք նոյնպէս վերացած չեն: Հայաստանի համար սա նաեւ անվտանգութեան խնդիր է, որովհետեւ, ըստ էութեան, մենք այսօր ունինք սպառնալիքի շատ յստակ վտանգ, որովհետեւ Թուրքիոյ հետ սահմանը փակ է, ու մենք շրջափակման մէջ կը գտնուինք: Մեր քննարկումներու ժամանակ խօսեցանք նաեւ Լեռնային  Ղարաբաղի հարցի մասին: Շատ կարեւոր է արձանագրել, թէ ինչն է պատճառը, որ ծագած է Ղարաբաղի հարցը, որովհետեւ երբեմն տպաւորութիւն կը ստեղծուի, որ սա տարածքային վէճի խդնիր է: Սակայն այդպէս է, Արցախի մէջ ապրող հայերու առջեւ կանգնած է նոր ցեղասպանութեան սպառնալիքը ու մարդիկ ուղղակի կը ցանկան պաշտպանել ապրելու իրենց իրաւունքը: Ղարաբաղի հակամարտութիւնը ծագած է այն պայմաններու մէջ, երբ մարդու ապրելու իրաւունքը կանգնած է յստակ սպառնալիքի առաջ, որովհետեւ աչքի առաջ ունեցած են 1915ի ցեղասպանութիւնը», ըսաւ  վաչրապետ Փաշինեան:

Իր հերթին Թրուտօ անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան՝  նշեց, որ Գանատա կոչ կ՛ընէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը լուծելու խաղաղ ճանապարհով` բանակցային գործընթացի միջոցով: