Գանատահայ Մտաւորական Սարգիս Համպոյեանի Յիշատակին


Մա­րալ Համ­պո­յեան


21 Յու­նո­ւար 2018ին, երկ­րա­յին կեան­քը լքեց իմ թան­կա­գին հօ­րեղ­բայրս՝ Սար­գիս Համ­պո­յեա­նը: Կեան­քէն հե­ռա­ցաւ օ­րի­նա­կե­լի հայ­րը, մեծ ու­սու­ցի­չը, գրա­դա­րա­նա­գէ­տը, ե­կե­ղե­ցա­սէ­րը, նո­ւի­րեալ դպրա­պե­տը եւ խմբա­վա­րը, ՙՄաշ­տոց՚ գրա­կան խմբա­կի հիմ­նա­դի­րը, աշ­խա­տա­սէր եւ լայ­նա­խոհ մտա­ւո­րա­կա­նը: Փայ­լուն անձ­նա­ւո­րու­թիւն մը, ո­րուն ազ­նո­ւու­թիւ­նը, նո­ւի­րո­ւա­ծու­թիւ­նը, հմայ­քը, հիւ­րա­սի­րու­թիւ­նը, հիւ­մո­րի զգա­ցու­մը եւ գի­տե­լիք­նե­րը կը գրա­ւէին ա­մե­նա­տար­բեր մարդ­կանց՝ փոք­րիկ­նե­րուն, մե­ծե­րուն, ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րուն, գրող­նե­րուն եւ ե­րա­ժիշտ­նե­րուն:

Ան կը պատ­կա­նէր յետ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան սե­րուն­դի պատ­կա­ռե­լի այն փա­ղան­գին« ո­րուն ողջ էու­թիւ­նը պա­րու­րո­ւած էր հայ հա­ւատ­քի« ըն­տա­նի­քի, ազ­գի, մշա­կոյ­թի ա­ւան­դու­թեանց ան­կորն­չե­լի ար­ժէք­նե­րով: Հա­յու­թիւ­նը ի­րեն հա­մար սոսկ պատ­կա­նե­լիու­թիւն չէր, այլ կ­՛ապ­րէր ու կը շնչէր իր էու­թեան բո­լոր մաս­նիկ­նե­րով:  

Յայտ­նի ճշմար­տու­թիւն մըն է, որ մար­դիկ, նա­խախ­նա­մու­թեան բե­րու­մով, եր­կու տե­սակ կ­’ըլ­լան՝  խա­փա­նող եւ ստեղ­ծող: Սար­գիս Համ­պո­յեա­նը իր էու­թեամբ ստեղ­ծող էր, ո­րով­հե­տեւ ինչ որ ձեռ­նար­կեր, ծիլ մը կ­’ար­ձա­կէր հոն­կէ` ըլ­լար ան գրա­կան գործ կամ ո­րե­ւէ գոր­ծի կազ­մա­կեր­պում: Սիրտ ու հո­գի կը դնէր իր բո­լոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն մէջ: Կեն­սու­նակ ո­գին եւ ազ­գա­յին նո­ւի­րու­մը խո­րա­պէս դրսե­ւո­րո­ւած էին ազ­գա­յին« մշա­կու­թա­յին եւ կրթա­կան աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թեամբ, ո­րոնց մէջ ան կը ցու­ցա­բե­րէր իր բա­ցա­ռիկ տա­ղան­դը, վա­րա­կիչ ե­ռան­դը, կա­տա­րեա­լին հաս­նե­լու ձգտումն ու պա­հանջ­կոտ բծախնդ­րու­թիւ­նը: 

Կեան­քի հան­դէպ ու­նէր  ան­սահ­ման փոր­ձա­ռու­թիւն, կը սի­րէր գոր­ծը, քան՝ խօս­քը: Խստա­պա­հանջ եւ ուղ­ղա­միտ էր: Իր պար­կեշ­տու­թեամբ եւ աշ­խա­տան­քի յանձ­նա­ռու­թեամբ  կը վա­յե­լէր իր շրջա­պա­տի յար­գան­քը: Կը յար­գէր ա­մէ­նէն փոք­րը եւ փո­խա­դարձ՝ կը սի­րո­ւէր ու կը յար­գո­ւէր բո­լո­րին կող­մէ: Ուր որ աշ­խա­տած է՝ իր անմ­նա­ցորդ նո­ւի­րու­մով ու բարձր գի­տե­լիք­նե­րու շնոր­հիւ, վա­յե­լած է գոր­ծըն­կեր­նե­րուն սէրն ու հա­մակ­րան­քը: Կ­’ե­րա­զէր, որ Հա­յաս­տա­նը տես­նէր ան­կախ ու ժո­ղովր­դա­վար,  հայ  մար­դուն՝ ու­րախ ու ժպտե­րես, ար­ժա­նա­պա­տիւ ու բա­րե­կե­ցիկ, ա­զատ ու եր­ջա­նիկ․․․Լա­ւի ու բա­րիի թարգ­մանն ու ջա­տա­գովն էր: Թո­րոն­թո­յի գրա­կան աշ­խար­հի տա­ղան­դա­ւոր կազ­մա­կեր­պիչն ու ղե­կա­վա­րը, գրա­կան մեկ­նա­բանն ու բա­րի քննա­դա­տը: Ար­դար էր ու ար­դա­րի պաշտ­պա­նը:

Սի­րե­լի’ Հօ­բար,

Մա­հո­ւանդ տխրա­թա­խիծ օ­րը, Գա­նա­տա­յի մէջ գտնո­ւող ըն­տա­նիքդ, հա­րա­զատ­ներդ եւ բա­րե­կամ­ներդ՝ հո­գե­թով մրմունջ­նե­րով, զու­լալ մաղ­թանք­նե­րով եւ քաղց­րա­հունչ մե­ղե­դի­նե­րով, քեզ յանձ­նե­ցին ա­րար­չիդ բա­րե­գութ ձեռ­քե­րուն, որ­պէս­զի հան­գիստդ ու եր­ջան­կու­թիւնդ երկ­նա­յին լու­սե­ղէն ա­փե­րուն վրայ գտնես:

Դուն մե­զի կը ներշն­չէիր հա­ւատ եւ ե­ռանդ: Մենք պի­տի շա­րու­նա­կենք քու նո­ւի­րո­ւա­ծու­թեանդ ու­ղին եւ ինչ­պէս դուն, մենք ալ պի­տի մնանք մեր ազ­գին ան­խոնջ եւ նո­ւի­րեալ ծա­ռա­նե­րը: Մեր յի­շո­ղու­թեան մէջ միշտ վառ պի­տի մնայ քու բա­րի ժպիտդ եւ գոր­ծի աս­պա­րէ­զին մէջ քու տո­ւած բո­լոր պատ­գամ­ներդ:

Ծա­ռա­յու­թեամբդ եւ նո­ւի­րու­մովդ  շատ բան սոր­վե­ցու­ցիր քու թոռ­նիկ­նե­րուդ եւ բո­լո­րիս պար­գե­ւե­ցիր տի­պար մար­դուն վա­յել ու­ղե­ցոյց մը: Պի­տի ա­ռաջ­նոր­դո­ւինք քու օ­րի­նա­կե­լի կեան­քովդª ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար քու փայ­փա­յած ե­րազդ: Քու ան­կորն­չե­լի գոր­ծերդ« մարդ­կա­յին ան­կեղծ շփում­ներդ« բա­րի ժպիտդ մշտա­պէս պի­տի յի­շո­ւին մեր ա­ղօթք­նե­րուն մէջ:

Ի խո­րոց սրտի կ­’ա­ղօ­թեմ հօ­բա­րիս հո­գու խա­ղա­ղու­թեան հա­մար: Թող Աս­տո­ւած լոյ­սե­րու մէջ՝  բա­րի հրեշ­տակ­նե­րով, եր­կինք բարձ­րաց­նէ ա­նոր հո­գին ու միա­ւո­րէ հա­յոց մե­ծաց հո­գի­նե­րուն եւ թող Սուրբ Հո­գին մխի­թա­րէ ըն­տա­նի­քին ան­դամ­նե­րուն ու փա­րա­տէ ա­նոնց վիշ­տը:

Վարձքդ կա­տա՛ր, երթդ բա­րի՜, յի­շա­տակդ կ­՛ապ­րի, սի­րե­լի՛, ան­մո­ռա­նա­լի՛ ՀՕ­ԲԱՐ: