Գանատահայ Յայտնի Քանդակագործ Արտօ Չաքմաքչեանի «Քալող Մարդը» Արձանը Պիտի Տեղադրուի Երեւանի Մէջ


Հիւսիսային պողոտան՝ Աբովեան փողոցի կողմէն

“Փանարմինիըն”,- Գանատահայ անուանի քանդակագործ Արտօ Չաքմաքչեանի «Քալող մարդը» քանդակը պիտի տեղադրուի Երեւանի կեդրոնին մէջ:

Երեւանի աւագանիի որոշումին համաձայն՝ արձանը պիտի տեղադրուի Հիւսիսային պողոտայ-Աբովեան փողոց հատման վայրին մէջ: Քանդակի ձուլման եւ կազմութեան աշխատանքները պիտի կազմակերպէ ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը:

Արտօ Չաքմաքչեան Գանատայի գեղարուեստի թագաւորական ակադեմիայի անդամ եղած է: Ան կեանքէն հեռացած է այս տարուան Հոկտեմբերին։

Անոր աշխատանքները ցուցադրուած են աշխարհի յայտնի թանգարաններու, մասնաւորապէս Լուվրի մէջ։ Անոր ստեղծագործութիւնները տեղադրուած են աշխարհի շարք մը քաղաքներու հրապարակներու վրայ, կարգ մը գործերը կը պահուին Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ, նաեւ մասնաւոր հաւաքածոներու մէջ:

Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնին շրջափակին մէջ գտնուող Ապրիլեան Նահատակաց յուշարձանը նոյնպէս Չաքմաքչեանի գործերէն է։