Գանատայի Ծովային Պահակագունդի Խորհրդարանական Քարտուղար Թէրի Պիչ Այցելեց Վանգուվըրի Հայ Կեդրոն


Նոյեմբեր 12ին Վանգուվըրի Հայ Կեդրոն այցելեց Պրիթիշ Քոլոմպիա նահանգի Պարնըպի Նորթ ընտրատարծքի խորհրդարանի անդամ եւ Գանատայի ծովային պահակագունդի եւ ձկնաբուծութեան հարցերու խորհրդարանական քարտուղար Թէրի Պիչ, որ իր կողակիցին հետ աւելի քան երկու ժամ հիւրը եղաւ Վանգուվըրի Համազգայինին եւ Հայ դատի յանձնախումբին։

Թէրի Պիչ մօտէն ծանօթացաւ Պրիթիշ Գոլոմպիոյ հայ համայնքի հարցերուն եւ խոստացաւ յառաջիկային վերստին հանդիպիլ Գանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբին հետ։