Գանատայի Կառավարութեան Ներկայացուած է Երեւանի Մէջ Դեսպանութիւն Հիմնելու Առաջարկ


Օթթաուայի մէջ Մարտ 8ին տեղի ունեցած է Գանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի հերթական նիստը Արնոլդ Չանի գլխաւորութեամբ։ Նիստին ներկայ եղած են նաեւ Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները:

Նիստի ընթացքին քննարկուած են հայ-գանատական յարաբերութիւններուն առնչուող շարք մը հարցեր, անդրադարձ եղած է Հայաստանի մէջ կայանալիք համապետական ընտրութիւններուն, երկու երկիրներու միջեւ տնտեսական կապերու ամրապնդման եւ փոխադարձ կարեւորութիւն ունեցող այլ թեմաներու:

Նիստի ընթացքին ընդունուած է յայտարարութիւն, որով Գանատայի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղուի Երեւանի մէջ հիմնելու Գանատայի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն:

Գանատայի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Եգանեանը, Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Սասուն Յովհաննիսեանը, Գանատայի Հայ ազգային կոմիտէի  նախագահ Շահէն Միրաքեանը հնարաւորութիւն ունեցած են գանատական կողմին ներկայացնել իրենց յուզող հարցերն ու խնդիրները, որոնք կը վերաբերէին նաեւ Գանատայի հայ համայնքին: