Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Օթաուային Կոչ Ուղղած է Անյապաղ Դադրեցնելու Զէնքի Վաճառքը Պաքուին


Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը զայրացած է՝ տեղեկանալով, որ Գանատայի կառավարութիւնը Թորոնթոյի մէջ գտնուող զրահապատ մեքենաներու արտադրութեամբ զբաղող «INKAS Armored Vehicle Manufacturing» ընկերութեան արտօնած է բարձրակարգ ռազմական սարքեր արտահանել Ազրպէյճան:

Գանատայի միջազգային առեւտուրի հարցերով նախարար Ֆրանսուա Ֆիլիփ Շամփայնին ուղղուած նամակով մը՝ Հայ Դատնի յանձնախումբը կոչ ուղղած է երկրի կառավարութեան՝ անյապաղ դադրեցնելու զէնքի արտադրութիւնը Ազրպէյճան եւ անհրաժեշտ քայլեր ձեռնարկելու այդ սխալ որոշման ուղղութեամբ:

«Այդպիսի վտանգաւոր զէնքերու տրամադրումը Ազրպէյճանի նման աւազակ երկրի մը՝ կը խախտէ Գանատայի զէնքի արտահանման վերաբերող ամենահիմնարար չափանիշները եւ լուրջ վտանգ կը ստեղծէ ներքին եւ տարածաշրջանային կայունութեան համար»,- ըսած է Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Շահէն Միրաքեանը:

«Բազմիցս ապացուցուած է, որ Ազրպէյճանի վարչակազմը այդ զէնքը կ՝օգտագործէ ոչ միայն սպառնալիք ստեղծելով Հայաստանի եւ Արցախի խաղաղութեան ու անվտանգութեան, ոչ միայն տարածաշրջանային անկայունութիւն ստեղծելու համար, այլեւ այդ երկրի մէջ այլախոհութիւնը հետապնդելու համար»,- ընդգծած է Միրաքեանը:

«Փաստը այն է, որ 2016 Ապրիլին Ազրպէյճան նոր ձեռք բերուած մահացու զինատեսակներով սանձազերծեց քառօրեայ պատերազմը, որ ամենամահաբերն էր 1994 թուականի հրադադարի հաստատումէն ետք:

“Արտօնելով զէնքի արտահանումը Ազրպէյճան՝ Գանատան իր ներդրումը կ՝ունենայ Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ ռազմական գործողութիւններուն: Այսպիսի որոշումները կը հակասեն ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ծիրէն ներս բանակցային գործընթացին ամբողջութեամբ աջակցելու Գանատայի պարտաւորութիւններուն:

“Մարդու իրաւունքներու տեսանկիւնէն՝ Ազրպէյճան բազմիցս դատապարտուած է յայտնի իրաւապաշտպան կառոյցներու կողմէ, ինչպէս՝ Human Rights Watchը, Amnesty Internationalը , կապուած երկրին մէջ մարդու իրաւունքներու վիճակին հետ: Ազրպէյճան քննադատուած է երկրին մէջ հիմնարար ազատութիւնները ճնշելու, առաջին հերթին անկախ մամուլի դէմ յարձակումներու համար», ըսած է Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահը: