Գանատայի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Նուիրուած Խորհրդաժողով


ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական միութիւնը, համագործակցութեամբ Գանատայի զանազան հայ ուսանողական միութիւններու հետ, կազմակերպած է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան նուիրուած խորհրդաժողով մը՝ «Ցեղասպանութենէն պետականութիւն. 900 օրուան հանրապետութիւնը» թեմայով, որ տեղի պիտի ունենայ 2018ի Մարտին:

Խորհրդաժողովի զեկուցաբերներն են UCLA համալսարանի փրոֆեսոր եւ պատմաբան դոկտոր Ռիչըրտ Յովհաննիսեան, UCLA համալսարանի փրոֆեսոր, հեղինակ եւ գիտաշխատող դոկտոր Ռուբինա Փիրումեան եւ Ժընեւի Webster համալսարանի փրոֆեսոր եւ լրագրող դոկտոր Վիգէն Չըթըրեան:

Ժամանակացոյց.

Երեքշաբթի, 13 Մարտ, երեկոյեան ժամը 7:00, Մոնթրէալ, MCGill համալսարան

Չորեքշաբթի, 14 Մարտ, երեկոյեան ժամը 7:00, Օթթաուա, Carlton համալսարան

Հինգշաբթի, 15 Մարտ, երեկոյեան ժամը 7:00, Թորոնթօ, University of Toronto

Կազմակերպող Ուսանողական միութիւններն են.

«Արմէն Գարօ» Ուսանողական միութիւն

Université de Montréal-ի Հայ Ուսանողներու միութիւն

Concordia-ի Հայ Ուսանողներու միութիւն

McGill-ի Հայ Ուսանողներու միութիւն

Carlton University of Ottawa-ի Հայ Ուսանողներու միութիւն

Council of Ontario-ի Հայ Ուսանողներու միութիւն

University of Toronto Scarborough Campus-ի Հայ Ուսանողներու միութիւն

University of Toronto St. George Campus-ի Հայ Ուսանողներու միութիւն

Ryerson University-ի Հայ Ուսանողներու միութիւն

York University-ի Հայ Ուսանողներու միութիւն

McMaster University-ի Հայ Ուսանողներու միութիւն