Գանատայի Վարչապետը Շնորհաւորած է Հայաստանի ու Հայ Ժողովուրդի Անկախութեան 26րդ Տարեդարձը


Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօ շնորհաւորած է Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին Անկախութեան 26-րդ տարեդարձը:

Շնորհաւորական ուղերձին մէջ ան կ՛ըսէ. «Մենք կը միանանք Հայաստանի ժողովուրդին ու Գանատայի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ հայ համայնքին` տօնելու Հայաստանի անկախութեան տարեդարձը: Գանատան եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունին ընկերական յարաբերութիւններ` կառուցուած արդարութեան, ժողովրդավարութեան, ազատութեան համատեղ արժէքներու, ինչպէս նաեւ տարբեր միջազգային կազմակերպութիւններու, «ֆրանքոֆոնիա»-ի ծիրէն ներս համագործակցութեան վրայ:

«Գանատան կ՛ակնկալէ շարունակել աշխատանքը Հայաստանի Հանրապետութեան հետ` յետագային նոյնպէս ամրապնդելու յարաբերութիւնները երկու երկիրներու միջեւ ու խորացնելու համագործակցութիւնը համաշխարհային եւ տարածաշրջանային հարցերու շուրջ, որոնց շարքին նաեւ կլիմայական փոփոխութեան, առեւտուրի ու ներդրումներու, խաղաղութեան եւ անվտանգութեան»:

Ան ընդգծած է, որ մշակութային բազմազանութիւնը երկրի ամենամեծ ուժերէն ու հպարտութեան աղբիւրներէն մէկն է: «Ես բարձր կը գնահատեմ Գանատայի մէջ հայ համայնքի պատրաստակամութիւնը` ողջունելու Սուրիայէն եկած հազարաւոր անձերու: Միասնաբար ողջունելով նորեկները` մենք տեւական ու կարեւոր ձեւով կ՛ուժեղացնենք մեր համայնքները»,- նշած է ան իր, Գանատայի կառավարութեան եւ կնոջ` Սոֆիի անունէն եւս մէկ անգամ շնորհաւորելով Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան տօնը: