Գանատայի Տարածքին Հոգեհանգստեան Պաշտօն՝ Արցախեան Քառօրեայ Պատերազմի Նահատակներուն Համար


Ապրիլ 2ին, Գանատայի թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն տեղի ունեցաւ Արցախեան քառօրեայ պատերազմի առաջին տարելիցին առիթով, նահատակ զինուորներու հոգիներուն խաղաղութեան համար։

Թեմակալ առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի գլխաւորութեամբ, առաջնորդարանին կից Խաչքար-յուշարձանին դիմաց, ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան Մոնթրէալի «Լեւոն Շանթ» եւ Լավալի «Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղերու անդամները ծաղկեպսակի զետեղում կատարեցին։

Խօսք առաւ ԳԵՄի ներկայացուցիչ Կարինէ Կարապետեան՝ վեր առնելով հայոց բանակի նահատակներու անժամանցելի աւանդը:

Առաջնորդ սրբազանը իր սրտի խօսքը փոխանցեց երիտասարդներուն եւ ըսաւ. «Պատիւ մեր երիտասարդութեան, որուն մէջ միշտ կը տեսնենք վառ հայրենասիրութեան ոգին, ահա այսպիսի երիտասարդներով է, որ մենք պիտի շարունակենք մեր գոյապայքարը եւ պիտի դառնանք տէրը մեր հայրենիքի սուրբ հողին եւ ժողովուրդին»: