Գանատայի 150ամեակի Տօնակատարութեանց Ծիրէն Ներս Թրքական Դեսպանատան Հակահայ Նախաձեռնութիւնը կը Կասեցուի


«Հորիզոն»․- Անցնող ամիսներուն, Գանատայի մօտ Թուրքիոյ դեսպանատան կողմէ յերիւրածոյ տարեդարձի մը հնարքի օգտագործումով, Գանատայի պետութեան հիմնադրման 150ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններու շարքին, Ապրիլ 24ին նկատի առնուած թրքական բնոյթի ձեռնարկը կասեցուած է Գանատայի Հայ Դատի Շրջանային յանձնախումբի ու Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան կողմէ ի գործ դրուած հետեւողական ջանքերուն իբրեւ արդիւնք։

Համացանցի վրայ յայտարարութեան տարածուելէն առաջ իսկ, Գանատայի Հայ Դատի Շրջանային յանձնախումբը իրազեկ դարձաւ թրքական դեսպանատան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը անարգելու կոչուած խանգարիչ բնոյթով նման յայտագրի մը նախապատրաստութեան, որմէ ետք, Հայ Դատի Շրջանային յանձնախումբն ու Գանատայի մօտ Հայաստանի դեսպանատունը զուգահեռ աշխատանքով կապի մէջ եղան Գանատայի կառավարութեան պաշտօնատարներուն հետ, որպէսզի հակահայ քարոզչութեան խորքով ու հայ գաղութին համար վիրաւորական բնոյթի վերոյիշեալ նախաձեռնութիւնը ջնջուի, յատկապէս այն հիմնաւորումով, որ Գանատայի խորհրդարանն ու ծերակոյտը իրենց վաւերացուցած բանաձեւերով որոշում կայացուցած են Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական ու փաստացի նշանակութեան ի նպաստ։

Այս առթիւ, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը յատուկ շնորհակալական նամակ ուղարկած է Գանատայի պատկան իշխանութիւններուն։