Գանատա եւ Հայաստան՝ Ամէնէն Շատ Աղբ Գոյացնող Երկիրներու Շարքին


Համաշխարհային դրամատան տուեալներուն համաձայն՝ աշխարհը կը խեղդուի աղբի մէջ, իսկ թափօններու յառաջացման թափը շատ արագացած է, կը գրէ USA Today-ը՝ միաժամանակ ներկայացնելով աշխարհի մէջ իւրաքանչիւր բնակիչի հաշիւով ամէնէն աւելի աղբ գոյացնող երկիրներու ցանկը, որուն վրայ Գանատան կը գրաւէ առաջին, իսկ Հայաստանը 6-րդ դիրքերը։

Հետազօտութեան համաձայն՝ Գանատայի իւրաքանչիւր քաղաքացին տարեկան կը գոյացնէ 36 թոն թափօն, իսկ երկիրի մէջ ընդհանուր առմամբ հաշուըւած է 1,325 միլիոն թոն թափօն։ Գանատայի կառավարութիւնը կը նշէ, որ արդիւնաբերական թափօնները, ինչպիսիք են՝ քարիւղի վերամշակումը, քիմիական արտադրութիւնը եւ մետաղներու վերամշակումը երկրի համար երկարատեւ խնդիր են։ Ինչպէս բազմաթիւ հարուստ երկիրներ, Գանատան նոյնպէս իր թափօնները մեծ քանակութեամբ կ՛արտահանէ այլ երկիրներ։

Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացի տարեկան կը գոյացնէ 16,3 թոն թափօն: Հայաստանի գոյացուցած 48 միլիոն թոն ընդհանուր աղբէն 47,3 միլիոն թօնը արդիւնաբերական է։  Ինչպէս կը նշէ աղբիւրը, Հայաստանը կը մտնէ նաեւ այն երկիրներու ցանկին մէջ, ուր ամենաքիչ քանակութեամբ գիւղատնտեսական եւ շինարարական աղբ կը գոյանայ: