Գանատացի Երաժշտահանը Օփերա Գրած է Գրիգոր Լուսաւորիչի Մասին


«Փանարմինիըն»․- Ապրիլի սկիզբը Երեւանի մէջ պիտի ներկայացուի նոր «Լուսաւորիչ» օփերան, որուն հեղինակն է գանատացի յայտնի երաժշտահան (composer) Ռոն Հաննահն: Օփերան նուիրուած է Սբ Գրիգոր Լուսաւորիչին եւ կ՛անդրադառնայ Խոր Վիրապի մէջ անցուցած տարիներուն:

«Ինծի շատ յաճելի է Խաչատրեանի երաժշտութիւնը, բայց չեմ ուզեր, որ իմ երաժշտութիւնս անոր նմանի: Ես երաժշտութիւն գրած եմ Խոր Վիրապի մէջ Սբ Գրիգոր Լուսաւորիչի անցուցած տարիներուն մասին», Երեւանի մէջ լրագրողներուն յայտարարած է Հաննահ:

Երաժշտահանը խոստովանած է, որ իրեն համար ոգեշնչման աղբիւր եղած է աւանդական հայկական երաժշտութիւնը, որ իր մեկնաբանութեամբ կը միահիւսուի տարբեր երաժշտական մոթիւներու հետ: «Ես անդրադարձած եմ 4 հայկական երգի: Այն տեսարանին մէջ, երբ Գրիգոր Լուսաւորիչ տեսիլքներ կ՛ունենայ կռունկներու տեսքով, կը լսուին «Կռունկ, ուստի կու գաս» երգի մոթիւները: Ես օգտագործած եմ նաեւ «Կիլիկիա»ի, «Բերքի երգ»ի, ինչպէս նաեւ օրօրոցայինի մոթիւներ», ըսած է ան:

«Լուսաւորիչ» օփերան Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան եւ «Աջակցութիւն մշակութային կրթութեան» հիմնադրամի համատեղ նախագիծն է: Անիկա նուիրուած է Գանատայի եւ Աւստրիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25ամեայ տարեդարձին:

Օփերային կը մասնակցին նաեւ երեխաներ եւ պատանիներ` մօտ 70 հոգի, որոնք ընտրուած են Հայաստանի տարբեր մարզերէ: