Գանատացի Եւ Ամերիկացի Դիտորդներ․Արցախի Մէջ Հանրաքուէն Անցած է Միջազգային Չափանիշներուն Համապատասխան


Արցախի մէջ երէկ կայացած Սահմանադրական հանրաքուէն դիտարկած Գանատայի եւ Միացեալ Նահանգներու պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչները նշեցին, որ Արցախի մէջ ընտրութիւնները անցած են միջազգային չափանիշներուն համապատասխան:

Դիտորդներուն խօսքով, Արցախը հաշուի առած է նախորդ ընտրութիւններու ժամանակ եղած սխալները եւ շտկած է զանոնք:

Գանատայի խորհրդարանի պատգամաւոր Ճիմ Գարիճիանիս՝ անդրադառնալով հանրաքուէին ըսած է, որ հիացած է տեղի ունեցած հանրաքուէով: «Դուք գիտէք` մենք «Օսկար» եւ «Կրեմմի»ներ կը շնորհենք, եթէ ընտրութիւններուն համար «Օսկար» տալու ըլլայինք, ապա Արցախը անպայման պիտի արժանանար այդ «Օսկար»ին: Ի դէպ, զայն պէտք էր տալ ոչ միայն ընտրութիւնները կազմակերպողներուն եւ իրականացնողներուն, այլեւ Արցախի ժողովուրդին, որ աշխուժութեամբ կը մասնակցէր քուէարկութեան: Մենք ձեզմէ կը սորվինք», ընդգծած է ան:

«Արցախի մէջ բացարձակ նուիրուածութիւն էր, մարդիկ զարմանալի աշխուժութեամբ կը մասնակցէին ընտրութուններուն: Ասիկա այն է, որ մենք ալ կրնանք սորվիլ Արցախէն», – ըսած է ԱՄՆ պատուիրակութեան անդամ Անտրէաս Փորքէասը: