Գնահատանք Եւ Պարգեւատրում Ս. Վարդան Եկեղեցւոյ Երգչախումբի Խմբավար Սարգիս Համպոյեանի


Յարութիւն Դերձակեան

Թորոնթոյի արուարձաններէն Միսիսոկա քաղաքի Ս. Վարդան Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին եւ Ծխական Խորհուրդին որոշումով՝ երգչախումբի ղեկավար Սարգիս Համպոյեան պարգեւատրեցաւ՝ իր երկար տարիներու ծառայութեան եւ վաստակին համար։

Սարգիս Համպոյեան եղած է նաեւ Թորոնթոյի երկսեռ «Նայիրի» երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավարն ու խմբավարը։ «Նայիրի» երգչախումբը «Singing together» բնաբանով 9-10 զանազան ազգութիւններու պատկանող երգչախումբերու կողքին ամէն տարի մասնակցած է բազմամշակութային համերգներու ու փառատօներու, ծանօթացուցած եւ սիրցուցած է հայ երգն ու մշակոյթը, մասնաւորաբար օտար երաժշտասէր հասարակութեան՝ ստանալով բոլորին անվերապահ գնահատանքը։

Իր խմբավարի կարողութիւններու կողքին, նախկին գրադարանագէտ, մտաւորական, կրթական մշակ ու հայ գրականութեան հմուտ, Թորոնթոյի «Մաշտոց» գրական խմբակի հիմնադիր ու վարիչ պրն․ Համպոյեան 20 տարիներէ ի վեր ամէն ամիս կանոնաւոր կերպով վարելով «Մաշտոց» գրական խմբակի հաւաքոյթները կարողացաւ ծանօթացնել յայտնի հայ գրագէտն ու բանաստեղծները ներկայ գրասէրներուն։ Ան այս հաւաքոյթներու ընթացքին՝ զանազան առիթներով՝ լայն կերպով անդրադարձաւ հայ գրականութեան քաջածանօթ, «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ ու գրագէտ Ռ. Հատտէճեանի գրական վաստակին, ամէն առիթով զանազան գիրքերէ էջեր կարդալով մօտէն հաղորդակից դարձուց Ռ. Հատտէճեանի ստեղծագործական աշխարհը։ Պրն. Համպոյեան այս հաւաքոյթներէն մէկուն լայնօրէն ներկայացուց նաեւ Պոլսահայ արդի հայ գրականութեան վաստակաւոր բանաստեղծ՝ Զարեհ Խրախունիին գրական վաստակը եւս։

Հոկտեմբեր 1ին, Օքվիլ քաղաքի St. Cuthbert Anglican եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատուցանեց ու իր պատգամը փոխանցեց Ս. Վարդան Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Միւռոն Քհնյ. Սարգիսեան։

Եկեղեցին կը յորդէր անօրինակ բազմութեամբ Թորոնթոյէն, Միսիսոկայէն եւ Օքվիլ քաղաքներէն ժամանող  Համպոյեանի բարեկամ ու համակիրներով ինչպէս նաեւ հաւատացեալներով։ Երգեցողութիւնները խիստ տպաւորիչ եւ ներդաշնակ կերպով կատարուեցան Միսիսոկա եկեղեցւոյ երգչախումբին կողմէ խմբավարութեամբ՝ Ս․ Համպոյեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Իվէթա Մելքումեանի։ 

Յընթացս Ս. Պատարագի, պատարագիչ Տէր Հայրը օրուայ Վարագայ Սուրբ խաչի Տօնի առիթով  յաւուր պատշաճի խօսեցաւ խաչի ուժին եւ զօրութեան մասին անդրադառնալով Յիսուսի Ս. Խաչափայտի մասունքին գիւտը, որ գտնուած է Վարագայ լերան վրայ գտնուող վանքէն, շեշտելով՝ թէ այս Վարագայ Ս. Խաչի տօնը կը վերաբերի միայն հայ եկեղեցիին եւ մենք ուրախութեամբ կը տօնենք զայն։

Ապա Տէր Հայրը մեծապէս գնահատեց ու բարի գալուստ մաղթեց օրուայ հիւրերուն, որոնք առաջին անգամ կ՚այցելեն այս եկեղեցին եւ յատկապէս գնահատեց «Նայիրի» երգչախումբի բոլոր անդամները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերելով ճոխացուցին Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները։

Տէր Միւռոն իր խօսքերու աւարտին հրաւիրեց Սարգիս Համպոյեանի մօտիկ բարեկամներ Անդրանիկ Չիլինկիրեանը, Ժիրայր Բէտէրեանը եւ Վազգէն Ալթունեանը, որոնք յաջորդաբար իրենց սրտի խօսքերը արտասանեցին եւ իրենց անցեալի յիշատակներէն դրուագներ պատմեցին, գնահատական եւ յարգանքի սրտաբուխ  արտայայտութիւններով շնորհաւորեցին յոբելեարը, որ իր կեանքին 50 տարիները բացառիկ սիրով նուիրած էր իր ազգին, եկեղեցիին, դպրոցին, հայ մշակոյթին եւ երաժշտութեան։  Պրն. Չիլինկիրեան Վահան Թէքէեանի հաշուեյարդար քերթուածը գեղեցկօրէն մեկնաբանելով ձօնեց զայն Պրն. Համպոյեանին։

         Տէր Միւռոն Առաջնորդարանի բարձր շքանշանով կը զարդարէ Սարգիս Համպոյեանի կուրծքը։

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ Պրն․ Համպոյեանի շքանշանի տուչութեան արարողութիւնը։ Ուրախ լեր շարականի երգեցողութենէ ետք, Տէր Հայրը ընթերցեց Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Աբգար Ս. Եպս. Յովակիմեանի Օրհնութեան եւ Գնահատանքի գիրը։ Սրբազան Հայրը իր օրհնութեան գիրին մէջ յատկապէս կը նշէր հետեւեալը․ « Հոգեւոր անհուն ուրախութեամբ եւ քրիստոնէական ջերմ սիրով մեր գնահատանքն ու օրհնութիւնը կը յղենք Ձեզ Մեծարգոյ Տիար Սարգիս Համպոյեան՝ ի նշան Ձեր անձին ու գործին նկատմամբ մեր ունեցած բարձր գնահատանքին, կը շնորհենք Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդի Օրհնութեան գիրը եւ Թեմի բարձր շքանշանը»։

Ձեռամբ Տէր հօր Գանատահայոց Առաջնորդարանի Օրհնութեան գիրը Պրն. Համպոյանին յանձնուեցաւ։ Ապա Տէր հայրը Սարգիս անոր լամբակը զարդարեց «Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդարանի Բարձր շքանշան» ով, որ ներկաներուն բուռն ծափահարութիւններուն արժանացաւ։

Յոբելեարը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, այս յատուկ օրը իր կողքին ըլլլալու համար եւ ըսաւ․ «Ներքին հոյակապ զգացում մը, ապրում մըն է, երբ որ գիտես թէ կը ծառայես եւ այդ ծառայութիւնդ իմաստ ու արժէք ունի, երբ այդ ծառայութիւնը կը գնահատուի ան ալ յաւելեալ զգացում մըն է, որ Աստուծոյ հազար անգամ փառք կու տաս»։

Տէր Հօր աղօթքով արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ։ Ապա Պրն․ Համպոյեան ստացաւ բոլոր ներկաներուն յատուկ շնորհաւորութիւնները