Գոհար Գասպարեանի Անունով Փողոց՝ Երեւանի Մէջ


Փետրուար 11-ին Երեւան քաղաքի աւագանին իր ունեցած նիստի ժամանակ, որոշում կայացուց  Երեւան քաղաքի Կեդրոն վարչական շրջանի Լէոնիդ Ազգալդեան փողոցէն մինչեւ Կասկադ համալիր երկարող ճանապարհահատուածը` Վերին Անտառային, 19ա հասցէէն մինչեւ Վերին Անտառային 122 հասցէ, կ’անուանակոչուի յայտնի երգչուհի Գոհար Գասպարեանի անունով:

Նախագիծին հեղինակն է «Իմ քայլը» խմբակցութեան աւագանիի անդամ Արմէն Սարգսեանը։ Նախագիծը ընդունուեցաւ միաձայն: