Ապրիլ 7ին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Թաշքենթի մէջ մասնակցած է Անկախ Պետութիւններու Հահամագործացութեան (ԱՊՀ) Արտաքին Գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին:
Արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստը մեկնարկած է նեղ ձեւաչափով, ապա շարունակուած ընդլայնուած կազմով՝ պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ:
Արտաքին Գործոց նախարարներու խորհուրդը որոշած է հաւանութիւն տալ Հայաստանի Գորիս քաղաքը որպէս 2018ի ԱՊՀ մշակութային մայրաքաղաք հռչակելու մասին որոշման նախագիծին:
Նիստի օրակարգին մէջ ընդգրկուած եղած են կազմակերպութեան գործունէութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման, արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու միջեւ խորհրդատուութիւններու իրականացման, արդի իրողութիւններուն կառոյցի արդիականացման հարցեր:
Արտաքին գործոց նախարարները յայտարարութիւն ընդունած են քրիստոնեաներու, մահմետականներու եւ այլ դաւանանքներու ներկայացուցիչներու նկատմամբ անհանդուրժողականութեան եւ խտրականութեան անթոյլատրելիութեան մասին: