Գործարկուած է «Ապրիլեան Պատերազմ 2016» Կայքը


 «Նիուզ»․- Գործարկուած է «Ապրիլեան պատերազմ 2016» կայքը նուիրուած է 2016 քառօրեայ պատերազմին տեղի ունեցած մարտական գործողութիւններուն, զոհուած հերոսներու կեանքի ու սխրանքի պատմութեան, հայ-ազրպէյճանական պատերազմի ներկայ փուլին: Ընթերցողի հետ հարց ու պատասխանի ձեւով լուսաբանուած են պատերազմի ներկայ փուլի ընթացքը, անոր դրդապատճառներն ու յաղթահարման հնարաւոր տարբերակները, առաջնագիծին վրայ զինծառայողներու հերոսութեան ներկայացման հետ մէկտեղ պարզաբանուած է պատերազմական պայմաններուն մէջ թիկունքի եւ առհասարակ քաղաքացիական բնակչութեան դերակատարութիւնը:

www.april2016.am կայքը ստեղծուած է «Արմսես» գիտակրթական կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի Ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոնի համատեղ ջանքերով։

Կայքին մէջ տեղ գտած են վերլուծական նիւթ-տեղեկագիրներ` յօդուածներ, հարցազրոյցներ, ժամանակագրութիւն, որոնք լոյս կը սփռեն հայ-ազրպէյճանական հակամարտութեան եւ Հայաստանի ռազմավարական մտահոգութիւններու վրայ եւ կրնան օգտակար ըլլալ թէ՛ հայկական, թէ՛ օտարերկրեայ լսարանի համար:

Կայքը ունի նաեւ ազրպէյճաներէն էջ, ուր ներկայացուած են հակառակորդի լսարանին հետաքրքրող այն հարցերուն պատասխանները, որոնք ազրպէյճանցի աշխոյժ օգտատէրերը յաճախ կը փորձեն ստանալ ուղղակի հայկական կողմէն: Կայքը չծանրաբեռնելու համար այդ էջը հասանելի է միայն ազրպէյճանցի օգտատէրերուն:

Ներկայիս կը շարունակուին աշխատանքներ իրականացուիլ կայքը համալրելու համար: Յառաջիկային կը նախատեսուի շարունակել 2016 Ապրիլ-Մայիսին զոհուած զինծառայողներուն նուիրուած ակնարկային յուշապատումներու, վերլուծական նիւթերու տեղադրման եւ ապրիլեան պատերազմի ժամանակագրութեան ներկայացման գործընթացը:

Կայքի բովանդակութեան տեղեկատուութիւնը հաւաքուած է Պաշտպանութեան բանակի, Պաշտպանութեան նախարարութեան, զոհուած զինծառայողներու ընտանիքներու տուն այցերութիւններէն, ինչպէս նաեւ ոլորտի առաջատար ու ծանօթ մասնագէտներու հետ մշտական փոխխորհրդակցութեան շնորհիւ: