Դանիոյ Խորհրդարանը Կ՛ափսոսայ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Օգտագործումը Արգիլող Թրքական Օրէնսդրութեան Գոյութեան Համար


«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Դանիոյ խորհրդարանը Յունուար 26ին իր նիստի ընթացքին որդեգրած է «Հայոց ցեղասպանութեան մասին» խորագիրով բանաձեւ մը, որուն մէջ ափսոսանք կը յայտնէ, որ Թուրքիոյ մէջ կարելի չէ ցեղասպանութեան մասին հասարակական եւ գիտական լուրջ քննարկում կատարել:

Բանաձեւով խորհրդարանը վերահաստատած է 19 մայիս 2015-ին որդեգրած իր որոշումը, որ կը դատապարտէ «հայերուն դէմ գործուած ջարդերը եւ այլ բռնութիւններ»:

Բանաձեւը որդեգրուած է 89 թեր, 9 դէմ եւ 11 ձեռնպահ ձայներու յարաբերակցութեամբ:

Հայաստանի պետական ձայնասփիւռի կայանի կայքը նախապէս հաղորդած էր, որ առաջարկուած բանաձեւի բնագիրին մէջ գրուած է. «Խորհրդարանը կը վերահաստատէ 19 մայիս 2015-ին 1915-1923 ժամանակաշրջանին արեւելեան Անատոլուի մէջ տեղի ունեցած ողբերգական ու արիւնալի դէպքերուն վերաբերեալ իր Վ. 54 թուակիր որոշումը: Դանիական խորհրդարանին կարծիքով` հաշտութեան լաւագոյն ուղին պիտի ըլլայ ազատ ու չգրաքննուած պատմութեան հետազօտման եւ այդ ժամանակաշրջանէն բոլոր պաշտօնական փաստաթուղթերու հրապարակման հիմամբ այդ պատմութեան շուրջ բաց երկխօսութիւնը: Խորհրդարանը կ՛ափսոսայ, որ թրքական օրէնքը քաղաքացիներուն եւ լրատուամիջոցներուն կ՛արգիլէ դէպքերուն վերաբերեալ «ցեղասպանութիւն» եզրը օգտագործել, եւ ատիկա կը նկատէ ոչ ողջամիտ սահմանափակում մը թէ՛ ակադեմական ազատութեան, թէ՛ խօսքի ազատութեան, որոնք կը վերաբերին այս եզրի օգտագործումին: Խորհրդարանը կը պահպանէ պատմական դէպքերուն վերաբերեալ վճիռներ չարձակելու իր խորհրդարանական աւանդութիւնը»: