«Դաշնակցութիւնը Կանգնած Է Արցախի Կողքին» Մամլոյ Ասուլիսի Ժամանակ Յայտնեցին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչները


ՀՅԴ Բիւրոյի նորընտիր ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան  Յունուար 29ին տուին մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նշեց, որ ՀՅԴ 33րդ Ընդհանուր ժողովը աւարտեց իր աշխատանքները Ստեփանակերտի մէջ: «Նորընտիր Բիւրոն ունեցաւ ամենաբարձր մակարդակի հանդիպումներ Արցախի ղեկավարութեան հետ եւ, վերադառնալով Հայաստան, նոյն տեսակի հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին հետ», տեղեկացուց ան:

Տէր Խաչատուրեան նշեց, որ հանդիպումներուն ընթացքին յայտնած են գործակցութեան պատրաստակամութիւն` ի շահ մեր հայրենիքին, երկու պետութիւններու եւ ի խնդիր Հայ դատի:

Արմէն Ռուստամեան` անդրադառնալով ՀՅԴ 33րդ Ընդհանուր ժողովին, նշեց, որ ինչպէս ՀՅԴ բոլոր ժողովները, այնպէս ալ այս մէկը եղաւ բուռն ու բովանդակային: «Այս Ընդհանուր ժողովը ՀՅԴն որոշեց անցկացնել Արցախում, որն ունի լուրջ խորհուրդ: Մենք համարում ենք, որ հիմնական օրակարգային հարցը եղել եւ մնում է Արցախի հիմնախնդրի հայանպաստ լուծումը»,  նշեց ան եւ շեշտեց, որ հայկական երկրորդ պետութեան մէջ Ընդհանուր ժողով կը գումարուէր առաջին անգամ, եւ ատիկա խորհրդանշական էր:

«Դաշնակցութիւնն իր համասփիւռ կառոյցով ներկայ է Արցախում, կանգնած է Արցախի կողքին` ի պաշտպանութիւն Հայ դատի հանգրուանին․․․»,  ըսաւ Ռուստամեան:

Նշենք, որ ՀՅԴն 33րդ Ընդհանուր ժողովէն յետոյ տարածած էր յայտարարութիւն, որուն մէջ կը նշուէր նաեւ, որ Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ ռազմաքաղաքական դաշինքի մասին համաձայնագրի` սեղմ ժամկէտներու մէջ կնքումը հրատապ անհրաժեշտութիւն է:

Հարցին, թէ ի՞նչ  կ’ենթադրէ այդ ռազմաքաղաքական դաշինքը եւ ինչո՞ւ  ճիշդ այսօր Դաշնակցութիւնը կը խօսի այդ մասին՝ Ռուսատմեան պատասխանեց, որ Դաշնակցութիւնն այդ հարցը բարձրացուցած էր վաղուց:

«Միշտ դրա անհրաժեշտութիւնը կարեւորել ենք: Ռազմաքաղաքական դաշինքն, ըստ էութեան, մի կողմից` չի թուլացնի մեր դիրքերը բանակցային գործընթացում, միւս կողմից` կ’արձանագրի Հայաստանի եւ Արցախի անմիջական կապը: Այսինքն` այն ամէնն ինչ դէ ֆակտօ ունենք, դէ իւրէ իրաւական դաշտ բերելու իրաւական հարցն է լուծելու ռազմաքաղաքական դաշինքը․․․»:

Ռուստամեանի հաւաստմամբ` ՀՅԴն ունի իր պատկերացումները, թէ ինչպէս պէտք է ըլլայ այդ ռազմաքաղաքական դաշինքը․ «Այսօր ունենք լուրջ սպառնալիքներ Արցախի անվտանգութեան հետ կապուած` նոր պատերազմ հրահրելու Ազրպէյճանի մտադրութիւնների առումով: Պէտք է յստակ արձանագրենք, որ յարձակում Արցախի վրայ, նշանակում է` յարձակում Հայաստանի վրայ: Մեր միասնական անվտանգութեան համակարգի վերաբերեալ մենք մատնանշումներ արել ենք նախորդ բոլոր համագործակցութեան պայմանագրերում․․․», ըսաւ Բիւոյի նախագահը:

Ան նշեց նաեւ, որ ռազմաքաղաքական դաշինքի կնքումը ՀՅԴի հետեւողական մօտեցումը եղած է եւ այսօր ալ ատոր մասին կը խօսին` այն գործնական դարձնելու համար: Ըստ անոր՝ ռազմաքաղաքական դաշինքի կնքման վերաբերեալ Դաշնակցութիւնը արդէն իսկ հանդիպած ու զրուցած է ինչպէս Արցախի նախագահին, այնպէս ալ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին հետ. «Գտնում ենք, որ պէտք է այդ դաշինքի կնքման` ճիշտ համաձայնեցուած քայլերը պայմանաւորենք, ճանապարհային քարտէզ մշակենք ու գնանք դրա կնքմանը: Կարծում եմ` սա պէտք է դառնայ մեր համաժողովրդական պահանջը` արցախահայութեան, Հայաստանի եւ սփիւռքի, որպէսզի մենք միասին արձանագրենք մեր միակամութիւնը` պաշտպանել մեր համահայկական շահերը` Արցախն ու Հայաստանը միասին վերցրած»:

ՀՅԴ Բիւրոյի նորընտիր ներկայացուցիչ Խաչատուրեան իր հերթին նշեց, որ Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ ռազմաքաղաքական դաշինքի կնքման մասին Դաշնակցութեան համաժողովն ալ յստակօրէն արտայայտուեցաւ` որդեգրելով նախկին մօտեցումները:

«Համաժողովը անհրաժեշտ գտաւ, որ ապրիլեան քառօրեայէն ետք եւ ներկայ իրավիճակէն մեկնած` մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք պատերազմական գործողութիւններու որեւէ ժամանակ սկսելուն: Ռազմաքաղաքական դաշինքն իրաւական հարթութեան վրայ կը բերէ Արցախի անվտանգութեան հարցին մէջ Հայաստանի դերակատարութիւնը», ըսաւ ան: