«Դաստիարակէ՛, Մղէ՛, Գործունեայ Դարձո՛ւր» Նշանաբանով` Թորոնթոհայութիւնը Ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 103ամեակը


Հանդիսութեան ներկաներէն պատկեր մը։

Խաժակ


Այս տարուան ձեռնարկը իւրայատուկ էր: Թեման Ցեղասպանութիւններու ուսուցման կարեւորութիւնն ու Հայ Մշակոյթի պահպանումն էին: Այսպէս, Ապրիլ 22ին, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկը միայն աւանդական քաղաքական պատգամներ փոխանցելու կողքին՝ հանրութեան հրամցուց Հայկական մշակութային-գեղարուեստական յայտագիր եւ կրթական մարզի մէջ աշխատողներու փորձառութիւններ:

ՀՄԸՄ Թորոնթոյի շեփորախումբի հնչեցուցած Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգներէն ետք, վայրկեան մը յոտնկայս յարգուեցաւ 1.5 միլիոն սրբադասուած նահատակներու յիշատակը:

Ձեռնարկը ձեռնհասօրէն վարեց ՀՅԴ ԳԵՄի «Սիմոն Զաւարեան» Մասնաճիւղի ատենապետ Քարինա Նաճիար: Իր խօսքը սկսաւ, բացատրելով թէ ինչպէս  Արեւմտահայասատանի հայկական յուշակոթողներն ու եկեղեցիները լքուած կամ քանդուած են եւ թէ այս բնաջնջումները մինչեւ օրս կը շարունակուին: Նաճիար լուսարձակի տակ առաւ Գանատայի մէջ առնուած քանի մը նշանակալից քայլերը՝ որոնցմով ապագայ սերունդները պիտի հասկնան անցեալի արհաւիրքներու կշիռը եւ հետեւանքները. ան նշեց Ուինիբէկի մարդու իրաւունքներու եւ ազատութեան Գանատայի թանգարանը եւ «Ցեղասպանութիւն. Պատմական եւ արդի հետեւանքները» խորագիրով Թորոնթոյի 11րդ կարգերու դասընթացը: Խօսքը ուղղելով ներկայ պաշտօնատարներուն, Նաճիար ըսաւ. «Միասին պարտաւոր ենք վստահեցնելու, որ Գանատայի իւրաքանչիւր աշակերտ հասկնայ Հայոց Ցեղասպանութեան ամբողջական իմաստը»: Նաճիար աւելցուց, որ թուրք կառավարութիւնը կը շարունակէ ուրանալ իր նախնիներուն կատարած ոճրագործութիւնը, եւ ամէն ճիգ կը թափէ փոխելու պատմութիւնը, միջազգային հանրութեան ներկայացնելու Թուրքիոյ ի նպաստ պատկեր մը: Նաճիար աւարտեց ըսելով որ յստակ է մեր պահանջքը՝ «Ցեղասպատութեան միջազգային ճանաչում, Թուրրքիոյ ներկայ կարավարութենէն՝ մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու արեան արդար հատուցում, եւ մեր պապենական հողերու վերադարձ»:

Ապա, Համազգայինի «Գլաձոր» Մասնաճիւղի «Էրէբունի» պարախումբը հրամցուց Սիրուշոյի «Կը գայ Մի օր» («Where were you») երգը՝ ընկերակցութեամբ պարի մը, որ արժանացաւ մեծ գնահատանքի: 

Թորոնթոյի Հայ Դատի Յանձնախումբի խօսքը փոխանցեց Շրջանային յանձնախումբի նախագահը, իրաւաբան՝ Մեթր Շահէն Միրաքեան: Ան նախ Հայաստանի վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ յայտնեց որ կացութիւնը ահազանգային է, եւ թելադրեց որ կալանաւորները շուտով արձակուին եւ երկխօտութիւնը ետ ընթացք առնէ, մանաւանդ որ արդէն Արցախի սահմաններուն Ազրպէյճան սկսած է զինուուրական եւ մարտական սարքերու զօրաշարժի: Ապա, Միրաքեան կեդրոնացաւ մշակութային ցեղասպանութեան ազդեցութեան: Միրաքեան բացատրեց թէ ինչպէս Թուրքիոյ կառավարութիւնը ուսումն ու կրթութիւնը կ’օգտագործէ որպէս գործիք, շարունակելու մշակութային ոչնչացումը՝ նպատակ ունենալով ջնջել հայերու հետքերը սեփական հողի վրայ եւ գրել խեղաթիւրուած պատմութիւն մը: Միրաքեան նաեւ խօսեցաւ, թէ ինչպէս գանատահայերը կրնան օգտագործել կրթութիւնը որպէս այդ անարդարութեան դադարեցման գործիք:

Ապա հանդէս եկաւ Թորոնթոյի Ուսումնական Խորհուրդի Ուեսթըն Քոլէճիէյթ Ինստիտուտի ցեղասպանութեան ուսուցման դասընթացքի ուսուցիչ՝ Մայքըլ Անթընի: Ան մասնարամասնեց, թէ ինչպէս կը դասաւանդուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը վարժարանէն ներս, որքան ժամանակ կը տրամադրուի դասընթացքի այս գլուխին, աւարտելով որ շատ քիչ են Թորոնթոյի Ուսումնական Խորհուրդի վարժարանները որոնք ցեղասպանութեան ուսուցման դասընթացքը կը հրամցնեն իրենց աշակերտներուն եւ թէ ինք պատրաստ է, անվճար, աշխատիլ որ դասընթացքը բոլոր վարժարաններու աշակերտներուն հասանելի ըլլայ:

Յաջորդաբար կարդացուեցան Գանատայի Վարչապետ Թրուտոյի, Դաշնակցային մակարդակի վրայ Պահպանողական կուսակցութեան եւ Նոր Դեմոկրատ կուսակցութեան ղեկավարներուն պատգամները, իրենց ներկայացուցիչ երեսփոխաններուն կողմէ:

Օնթարիոյի Նահանգապետ Քաթլին Ուին

Ապա խօսք առաւ Օնթարիոյի Նահանգապետ Քաթլին Ուին, որ վեր առաւ ցեղասպանութեան ուսուցման կարեւորութիւնը, յայտնեց որ ինք պիտի աշխատի Մայքըլ Անթընիի հետ, որպէսզի Ցեղասպանութեան դասընթացքը Օնթարիոյի բոլոր վարժարաններու աշակերտներուն հասանելի ըլլայ: Ուին նաեւ դրուատեց Հայ Կեդրոնի աշխատանքները, մանաւանդ սուրիացի ներգաղթողները հրաւիրելու եւ ընդունելուծիրէն ներս: Պահպանողական Կուսակութեան նահանգային երեսփոխանական թեկնածու Արի Պապիկեան ընթեցեց Նահանգային Պահպանողական Կուսակցութեան պատգամը, որմէ ետք խօսք առաւ Թորոնթոյի Քաղաքապետ Ճոն Թորի

Թորոնթոյի Քաղաքապետ Ճոն Թորի

Թորի շնորհակալութիւն յայտնեց Հայ գաղութին որ կը շարունակէ դաստիարակել եւ ցեղասպանութեան գիտելիքներ փոխանցել հանրութեան, որպէսզի սերունդները տեղեակ ըլլան անցեալէն, եւ կերտեն առանց ցեղասպանութեան ապագաներ: Թորի նաեւ հաստատեց որ պիտի որոնէ եւ անպայման գտնէ Թորոնթոյի տարածքին վայր մը, ուր կարելի ըլլայ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի վայրի վերածել:

Նկատառելի էր, որ բոլոր խօսքերու պատգամները եղան ոչ-յստակ ու դիպուկ եւ մնացին միայն Գանատահայ ու Թորոնթոհայ գաղութին բարեկամութեան ու զօրակցութեան վերահաստատումի սահմաններուն մէջ:

Ապա բանաստեղծ Քիթ Ղարիպեան՝ իր «Poetry is Blood» գիրքէն «They had some rugs» բանաստեղծութեան ասմունքով եւ երաժիշտ՝ Լեւոն Իշխանեան, իր կիթառով հանդէս եկան: Պատգամը յստակ էր՝ Հայ Մշակոյթը տակաւին կը գոյատեւէ, ի հեճուկս Թուրքիոյ Կառավարութեան բոլոր ճիգերուն եւ Գանատան իբրեւ հիւրընկալ երկիր, առիթը տուած է որ հայ ժողովուրդը պահէ իր մշակոյթը եւ ինքնութիւնը եւ պատրաստէ աշխարհահռչակ արուեստագէտներ ու բանաստեղծներ:

Ձեռնարկի աւարտին, ներկաները ուղղուեցան դէպի Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի Ցեղասպանութեան յուշակոթող, ուր Թորոնթոհայ Գաղութի անունով, ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ իսկ Թորոնթոհայ հայրենակիցները ծաղիկներ զետեղեցին, անգերեզման ու անշիրիմ մեր նահատակներու վառ յիշատակին:

Ծաղկեպսակներու զերեղում Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի Ցեղասպանութեան յուշակոթողին

Հոգեւոր հովիւներու աղօթքով փակուեցաւ ոգեկոչման  ձեռնարկը: