Դիլիջանի Մէջ Սկիզբ Առաւ «Մտքերու Գագաթնաժողով»ը


Ամէն տարի Ֆրանսայի Շամոնի քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «Մտքերու գագաթնաժողով»-ը («Summit of Minds») այս տարի առաջին անգամ կ՛իրականացուի Հայաստանի մէջ: Հայաստանը առաջին երկիրն է, որ կը հիւրընկալէ այս ժողովը Շամոնիէն դուրս: Յունիս 8-ին Դիլիջանի մէջ գագաթնաժողովի բացման արարողութեան բացման խօսքով հանդէս եկան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ու նախագահ Արմէն Սարգսեան: 

«Տնտեսութեան մէջ առաջատար դարձած են այն ուժերը, որոնք առաւելապէս հիմնուած են մարդկային մտքի, տաղանդի եւ բանականութեան վրայ: Հիմա մենք կ՛ապրինք զարմանալի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ մարդկային միտքը սկսած է իր ազդեցութիւնը ունենալ ոչ միայն երկիր մոլորակի վրայ, այլ ան սկսած է փոփոխութիւններ կատարել այլ մոլորակներու վրայ եւ որեւէ կասկած չկայ, որ այս միտումը պիտի շարունակուի ու պիտի ուժեղանայ արհեստական իմացականութեան զարգացման զուգընթաց:

«․․․երբ ծովու դար էր` մենք ծով չունէինք, երբ քարիւղի դար էր` մենք քարիւղ չունէինք, երբ բախտի դար էր` մենք բախտ չունէինք, երբ ուժի դար էր` մենք ուժ չունէինք եւ ահա եկած է մտքի դարը ու որեւէ կասկած չկայ, որ մենք ունինք միտք եւ, ըստ այդ, մեր հիմնական ընելիքը բնորոշուած է. մենք պէտք է զբաղինք մեր մտքի զարգացմամբ, մենք պէտք է պայմաններ ստեղծենք, որպէսզի միտքը զարգանայ, միտքը ինքնադրսեւորուելու, իրացուելու, ինքն իրեն վերարտադրելու հնարաւորութիւն ունենայ: Նաեւ սա է պատճառը, որ կ՛ըսենք, որ մեր խնդիրն է` Հայաստանի Հանրապետութիւնը դարձնել դրախտավայր տաղանդաւոր մարդոց, մտքի համար, իսկ մենք կը հաւատանք, որ ընդհանրապէս, իւրաքանչիւր մարդ բացառիկ է, իւրաքանչիւր մարդ տաղանդաւոր է եւ մեր խնդիրն է ահա ստեղծել միջավայր մը, ուր մարդու տաղանդը պիտի աճի, զարգանայ, դրսեւորուի, ստեղծէ միտք, ստեղծէ արհեստական միտք եւ այդ արհեստական միտք ծառայեցնէ մարդկային մտքին, մարդկային, հոգեւոր, բարոյական արժէքներուն, համընդհանուր կայունութեան, խաղաղութեան եւ բարեկեցութեան», իր խօսքին մէջ նշած է Փաշինեան: 

Արմէն Սարգսեան իր հերթին ըսած է․ «Երբ կը նայինք համաշխարհային աշխարհաքաղաքականութեան, մէկ բան յստակ է` աշխարհի մէջ հսկայական անորոշութիւններ կան: Անորոշութիւններ կան` Եւրոպայի ապագայի հետ` կապուած «Պրեքսիթ»-ի հետ, Միացեալ Նահանգներու մէջ` յառաջիկայ ընտրութիւններու հետ , Մերձաւոր Արեւելքի եւ շատ մը այլ վայրերու մէջ: Աշխարհը այսօր լի է նոր կամ հինէն վերադարձող գաղափարներով: Մեծ քանակութեամբ ժողովրդականութիւն, շինծու լուրեր, թիւրըմբռնում: Ի վերջոյ, ի՞նչ պիտի ըլլայ աշխարհի հետ: Մենք կը կորսնցնենք աւելի ու աւելի շատ վստահութիւն, կը կորսնցնենք երկխօսելու կարողութիւնը: Այս տեսնակիւնէ «Մտքերու գագաթնաժողով»ը կարծես փոքր տապան ըլլայ։ Այսօր սա Նոյի տապանը չէ, հայկական տապան է, ուր մարդիկ կու գան քննարկելու, թէ ինչպէս պիտի փրկենք մոլորակը: Եւ սա շատ կարեւոր է: Ես շատ ուրախ եմ` ունենալու մոլորակի ապագայի մասին այս փոքր տապանը այստեղ` Հայաստանի մէջ»:

Իսկ ժողովի կազմակերպիչ «The Monthly Barometer»-ի հիմնադիր Թիերի Մալըրեն նշած է, որ ուրախ է առաջին անգամ Դիլիջանի մէջ կազմակերպելով «Մտքերու գագաթնաժողով»ը: «Մենք հաւատացած ենք, որ գագաթնաժողովի երեք օրերու ընթացքին տեղի ունենալիք շփումները պիտի նպաստեն իրարու աւելի լաւ ճանչնալու, եւ նոր, նաեւ ներդրումային գաղափարներու յառաջացման, որ անհրաժեշտ է նաեւ Հայաստանին»,  ըսած է Մալըրեն: Ան ընդգծած է, որ «Մտքերու գագաթնաժողով»ի կազմակերպման հիմքը նաեւ այն է, որ բոլոր մասնակիցներու պարտաւորութիւնն է հեռանալ գագաթնաժողովէն` ունենալով առնուազն նոր գաղափար, նոր ընկեր եւ նոր նախագիծ:

Ժողովին կը մասնակցին հայաստանցի եւ օտարերկրացի աւելի քան հարիւր հեղինակաւոր քաղաքական ու ռազմական գործիչներ, գիտնականներ ու վերլուծաբաններ, գործարարներ ու ձեռնարկատէրեր, որոնց շարքին են 2005-2007-ականներու Ֆրանսայի վարչապետ Տոմինիք տը Վիլփեն, ԱՄՆ նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմիմէւ նախագահի անվտանգութեան հարցերով խորհրդական, զօրավար Ճէյմս Ճոնս, Միջազգային մշակութային համագործակցութեան հարցերով Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Միխայիլ Շուիտքոյ, ՄԱԿ-ի Առեւտուրի եւ զարգացման համաժողովի ներդրումներու եւ ձեռնարկատիրութեան բաժնի տնօրէն Ճէյմս Ժան, Մեծ Բրիտանիոյ առողջապահութեան նախկին նախարար, Լոնտոնի կայսերական քոլեճի Համաշխարհային առողջապահական նորարարութիւններու հիմնարկի տնօրէն Լորտ Արա Տարզին, Իտալիոյ ազգային հետազօտական խորհուրդի նախագահ Մասիմօ Ինգուշօ, Siemens ընկերութեան տնօրէն Ժան-Մարք Լիշքա (Jan-Marc Lischka), Ֆրանսական THALES ընկերութեան փոխնախագահ, տարածաշրջանային տնօրէն Փոլ Ռեմին եւ այլք: