Դիմաւորելով 100ամեակը.- Անցեալի Ճանաչումը Ներկայի Քաղաքականութիւնն է


Յ. Պալեան

Ժողովուրդ մը, որ կ’անգիտանայ իր պատմութիւնը եւ կը խորթանայ իր լեզուին, կը նմանի անղեկ նաւու մը, որ կը տարուի հոն ուր հով եւ հոսանք զինք քշեն: Պատմութիւնը սոսկ դիպուածներու գումար չէ peplum ժապաւէններու համար, ան ազգի գոյութեան եւ շարունակութեան վրայ կ’ազդէ, անցեալը կը բերէ ներկային: Այս գիտակցութեան բացակայութեան, ազգը կը դառնայ ամբոխ:

            Թեւակոխած ենք նոր տարի մը: Վերանկախացած հայրենիքի հանրապետութիւնը եւ սփիւռք(ներ)ը պիտի նշեն Հայաստանի անդրանիկ Հանրապետութեան 100ամեակը:  Ոմանք նոր գիւտ ընողի պէս պիտի անդրադառնան պատմական այդ իրադարձութեան, ուրիշներ համաժոովներ պիտի կազմակերպեն: Հայրենի պետութիւնը այս առիթով մշակած է ընդարձակ ծրագիր, ոչ միայն Երեւանի համար:

            Սփիւռք(ներ)ը, ի հարկէ, գէթ անոր մէկ հատուածը, դար մը ամբողջ, վառ պահելէ ետք Անդրանիկ Անկախ Հանրապետութեան յիշողութիւնը, իր կարգին, մոլորակի մեծ կամ փոքր քաղաքներուն մէջ, պիտի յիշէ եւ յիշեցնէ պատմական կարեւոր երեւոյթը եւ ժամանակաշրջանը, երազը, ընդդէմ ուրացումներու, պայքարներու, անհասկացողութիւններու: Երազ՝ որ զանգուածներու ստուար տոկոսին համար, դարձած է թուական մը, ՄԱՅԻՍ 28: Ան քիչ պարագաներու կ’առաջնորդէ ներկային մէջ ստանձուելիքյանձառութեան:

            Այսինքն՝ պատմութեան մէջ թուական մը: Բառեր, խանադավառութիւն եւ յուզումի միգամած մը կայ:

            Գիրքերու մէջ է՞ջ մը: Կամ թանգարան այցելելութիւն:

            Ի՞նչ է այսօր զանգուածներուն համար պատմութեան այդ իրադարձութենէն բխած-բխելիք անսեթեւեթ գիտակցութիւնը՝ որպէս յանձնառութեան առաջնորդող կեանքի իմաստ:

            Եթէ այդ յանձնառութիւնը չըլլայ, պատմութիւնը կը դառնայ ձանձրոյթի դէմ հեռատեսիլի պատկեր:

            Յանձնառութիւն. մոգական բառ: Որ չի գնուիր: Փոխանորդութիւն չ’ընդունիր:

            Նոյնիսկ եթէ խորհրդային տասնամեակներու ընթացքին անկախութեան գաղափարը համարուեցաւ քաղաքականութեան խորթ զաւակ: Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), պատմութիւն-ժամանակ յառաջընթացը վճռեց: Սակայն այդ վճիռը ազգը չհասցուց իսկական ազգային համապարփակ յանձնառութեան, զգացականութեան, յուշ-յիշատակի եւ նիւթապաշտական ընդարմացումը յաղթահարելով, ինչ որ կը բացատրէ աղէտ-արտագաղթը եւ զանգուածային պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ եւ յանձնառութեամբ հայրենադարձութիւնը, որ կը նշանակէ իսկական հայրենատիրութիւն:

            Հայրենատիրութիւն, որ տարբեր որակ է, պէտք է միշտ կրկնել, բարեսիրութենէ, զբօսաշրջութենէ եւ քարոզչական աղմուկէ: Հայրենատիրութիւնը կը չափուի հայրենադարձութեան թիւերով:

            Անդրանիկ անկախ հանրապետութեան 100ամեակ ՊԻՏԻ ՏՕՆՈՒԻ, ի՞նչ ըսելու եւ մանաւանդ ի՞նչ ընելու համար: Եթէ 10, 20, 50 կամ 99 ամեակներու յաջորդ օրերու նոյնութիւնը պիտի փռենք թերթերու մէջ կամ հեռատեսիլի պաստառին վրայ, ոչինչ կերտած պիտի ըլլանք:

            Այլ խօսքով, 100ամեակի տօնախմբութիւնները պիտի ըլլա՞ն ազգաշէն վերականգնումի նախատօնակ, թէ պարզապէս զուարճացնող եւ ոչինչ արձանագրող հրավառութիւն:

            Անցեալի, անմիջական անցեալի եւ ներկայի տուեալներու անշպար հաշուեկշիռը պէտք է ընել, միաժամանակ պատասխանելով կարգ մը հարցումներու. Ի՞նչ կրնայինք ընել եւ չըրինք, ի՞նչ կրնանք ընել եւ չենք ըներ, մանաւանդ՝ ինչո՞ւ:

            Պէտք է ընդունիլ ՄԵՐ ԱՆՑԵԱԼը, ընդունիլ ճիշդն ու սխալը, յաջողութիւնը եւ ձախողութիւնը, եւ որդեգրուիլ իսկական նոր հանգրուանի մը ուղղութեան մէջ:

            Ինչ կը վերաբերի անմիջական ներկային, որ վաղուան գրաւականն է, ան-հրաժեշտ է նախաձեռնել թերիներու եւ թերացումներու սրբագրութեան: Այս ընելու համար ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՀԱՇՈՒԵԿՇԻՌ մը պէտք է ընել, Հայաստան, նաեւ սփիւռք(ներ):

            Ով կ’ըսէ ՀԱՇՈՒԵԿՇԻՌ, պիտի ըսէ նաեւ՝ ՀԱՇՈՒԵՔՆՆՈՒԹԻՒՆ, audit, Հայաստան կ’ըսեն՝ աուդիտ, որ ընթացիկ հաշուապահութենէ տարբեր է: Այս աուդիտը հայրենիքը հզօրացման առաջնորդող եւ ժողովուրդի վստահութիւնը վերականգնող եւ նոր ժամանակները սկսող մեծագոյն որոշում-յանձնառութիւնը կ’ըլլայ:

            Ոչ շատ հեռու անցեալին, վերանկախացած Հայաստանի պատասխանատու մը կ’ըսէր, որ խորհրդային շրջանի  ոստիկանական եւ այլ արխիւները կարելի չէր բանալ, քանի որ Հայաստան փոքրիկ երկիր էր, մարդիկ զիրար կը ճանչնային, եւ վրէժխնդրական լայնածիր դէպքեր կրնային պատահիլ: Արդեօ՞ք նոյն մօտեցումը պէտք է ունենալ վերջին երեսնամեակին համար ալ: Բայց ինչպէ՞ս կը վերականգնին տնտեսութիւնը եւ վստահութիւնը, եթէ ազգէն կողոպտուածը չվերադարձուի ազգին եւ չյաղթահարուի աւեր գործած եւ գործող մեծածաւալ կամ փոքրածաւալ փտածութիւնը, կոռուպցիան:

            Աւելի պարզ խօսելով, պէտք է հաշուեքննութիւնը ընել, աուտիդը, անաշխատ հին եւ նոր հարստացումներու: Անցեալին վարչապետ մը խոստացաւ, յաճախ կը յիշեմ, որ աուտիդ կ’անենք… Պատմութիւնը երախտիքով պիտի յիշէ բոլոր անոնք, որոնք այդ աուտիդը անելուհերոսութիւնը կ’ունենան: Ֆրանսայէն մեծ դրամագլուխի տէրեր, որոնք ապահով ըլլալու համար, մեծ գումարներ պահ դրած էին երկրէն դուրս գտնուող օտար դրամատուներու մէջ, յայտարարեցին իրենց հարստութիւնը, երկիր բերին իրենց այդ հարստութիւնը, իշխանութեան ընդունելի համարուած որոշումներու որպէս հետեւանք: Ինչո՞ւ Հայաստանի մէջ ալ իշխանութիւնը նման նախաձեռնութիւն պիտի չունենայ:

            Ինչպէ՞ս պիտի սրբագրուին խորհրդային համակարգի փլուզման յաջորդող շրջանին այդքան արագութեամբ դիզուած անաշխատ հարստացումները, որոնք եղած են եւ կ’ըլլան, ի հեճուկս զանգուածին եւ ի նպաստ սակաւապետութեան, օլիկարխիային:

            Արթըր Միլլըրի Սալէմի Վհուկները բեմադրելու կոչ չէ ասիկա, այլ ցանկութիւն՝ յաւելեալ արդարութեան հասնելու, որ նախապայմանն է այսօրուան վստահութեան եւ վաղուան վերականգնումի:

            Որպէսզի այդ վերականգնումը ըլլայ համազգային տարողութեամբ, հարկ է դառնալ դէպի ժողովուրդը, որպէսզի ան ըլլայ տէր եւ ծառայ հայրենիքին եւ անկախ պետութեան: Անաշխատ հարստացումները յոռեգոյն ազդակներն են վստահութեան խախտումի: Աւելի պարզ, անկախ Հայաստանի պաշտպանութեան համար ժողովուրդի նեցուկ պէտք է, եւ այդ հնարաւոր կը դառնայ երբ զանգուածը չի դառնանար ի տես անհաւասարութիւններու, չարաշահումներու, կողոպուտի, փտածութեան:

            Ազգային բարձրամակարդակ գիտակցութեան մը ծնունդ կու տա՞ն այս հարիւրամեակի տօնախմութիւնները, որպէսզի երեւանցին, գիւմրեցին, վարդենիսցին, բայց նաեւ հեռուի եւ մօտի հայերը արդարութեան արեւին տակ զգան իրենք զիրենք, երբ հայրենիքի մէջ են կամ անկէ դուրս:

            Ժամանակակիցներս, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), առարկայականութեամբ, պարկեշտութեամբ, իրաւ հայրենասիրութեամբ, բովանդակալից հայրենատիրութեամբ պէտք է որ առաջնորդուինք, իսկ այդ ընելու համար անհրաժեշտ են արդարութիւնը եւ սրբագրութիւնները, հետեւաբար նաեւ՝ խոստացուած եւ երբեք իրականացած հաշուեքննութիւն-աուտիդը:

            Կրնե՞նք նոյն տարազը. այս նախաձեռնութիւնները ոչ ոք պիտի ընէ մեր փոխարէն, Հայաստանի հայ ըլլանք, թէ տարտղնուած ամէն տեղ եղող հայեր: Որպէսզի նուազ ըլլանք ամէն տեղի հայեր:

            Անկախութեան հարիւրամեակի տօնախմբութիւնները կը վերածուի՞ն ազգային վերականգնումի անսեթեւեթ յաննձառութեան: Այդ ալ ցոյց պիտի տայ պատմութիւնը, անով պիտի դատուինք վաղուան պատմութեան կողմէ:

            Իսկ պատմութեան վճիռը ոչ ընտանեպաշտութիւն է, népotisme, ոչ աժան փառասիրութիւն, ան կը չափուի նախասիրութիւններ եւ համակրանքներ գերանցած ազգօգուտ յաջողութեան արդիւնքով:

            Ինչպէս պիտի ծրագրուի եւ իրականացուի, մինչեւ 101ամեակ, սփիւռք(ներ)ի քանի մը միլիոնէն գէթ 100.000ի վերադարձը հայրենիք, անկախութեան տիրութիւն ընող ժողովուրդի որպէս անշպար վահան:

             Եթէ այդ չըլլայ, որմէ՞ հաշիւ պիտի պահանջենք, զո՞վ պիտի դատենք, համակրանքներէ եւ կողմնապաշտութիւններէ անդին:

            Այս անհանգստացնող թղթածրարը բաց պէտք է պահել, աստ եւ անդ, հոն ուր հայ կայ:

            Որպէսզի երբ հայելիին նայինք, վերցնելով փող-թմբուկի վարագոյրը, մենք մեզ ճանչնալու իրատեսութիւնը ունենանք: