Դիտարկումներ. Հայաստանի Նախընտրական Քարոզարշաւը


Միհրան Քիւրտօղլեան

Երկու օր առաջ Հայաստանի մէջ պաշտօնապէս մեկնարկեց նախընտրական քարոզարշաւը: Հինգ կուսակցութիւններ ինքնուրո՛յն, սեփական ուժերով, ուրիշներ ընտրական չորս դաշինքներու մէջ համախմբուած` պիտի մրցին յառաջիկայ խորհրդարանին մէջ աթոռներ ունենալու համար:

Այս առիթով` չորս դիտարկումներ.

1.- Դաշինք կազմել` կը նշանակէ մէկ կողմ դնել կուսակցութեան ծրագիրը, ինչ որ ենթադրել կու տայ, որ տուեալ կուսակցութիւնները այնքան ալ  կառչած չեն իրենց ծրագրերով բանաձեւուած համոզումներուն, նպատակներուն: Եւ կամ` կը նշանակէ  ընդհանրապէս ծրագիր չունենալ: Այլապէս խայտաբղէտ դաշինքներ պիտի չկազմուէին: Յայտնօրէն անոնք վստահած են իրենց շռայլելիք  ականջահաճոյ խոստումներուն, իշխանափոխութեան «ամպագորգոռ» լոզունգին: Քիչ-շատ նոյնն է նաեւ միւս կուսակցութիւններու պարագան` բացի ՀՅ Դաշնակցութենէն, որ ունի անշրջանցելի ծրագիր ու յստակ առաջադրանքներ եւ, որուն անցած տարիներու քաղաքական ուղեգիծը ցոյց տուած է, որ ինք երբեք չէ ապաւինած ականջ շոյող կարգախօսներու կամ չէ փորձած հասարակութիւնը սիրաշահիլ`  արմատական ընդդիմադիրի «խաղերու» մէջ մտնելով: Ընդհակառա՛կն. հասարակութեան աչքին, չվարանինք ըսելու նաեւ,  նոյնիսկ իր շարքերու որոշ շերտի մը մօտ սեփական վարկանիշը վտանգելու գնով լծակից դարձած է  կառավարական աշխատանքներուն` երկրին մէջ դրական տեղաշարժ ապահովելու ի խնդիր… Թէ ընտրազանգուածը որքանո՞վ պիտի գնահատէ ՀՅԴի այս հայրենանուէր վարքագիծը, յայտնի պիտի ըլլայ ապրիլ 2ին, քուէարկութեան օրը: Մաղթելի է, որ Ազգային ժողովին մէջ ան ունենայ ծանրակշիռ ներկայութիւն, որպէսզի կարենայ լիարժէք հակակշռել կառավարութեան գործունէութիւնը: Իսկ ինչ կը վերաբերի հինէն իշխանութեան վրայ եղող ու վաղուց հինցած Հանրապետական կուսակցութեան, կասկած չկայ, որ նախընթաց տարիներու նման` ան ի գործ պիտի դնէ իշխանական լծակները, թաղային հեղինակութիւնները, դրամական միջոցները,  այսինքն` ընտրական կաշառքը: Այս կուսակցութիւնը կը փորձէ  նորոգուած ըլլալու եւ վերափոխութիւններ կատարելու խաբկանքը տալ հասարակութեան, երկու դէմքերու` նոր վարչապետի  ու թեկնածուներու ցանկը գլխաւորող պաշտպանութեան նոր նախարարի անձերուն ընդմէջէն:

2.- Այլազան-զարմանազան 80է աւելի կուսակցութիւններով գերծանրաբեռնուած երկիրը թեթեւացում մը ունեցաւ` շնորհիւ նոր սահմանադրութեան: Անոնցմէ շատեր ձուլուեցան աւելի յուսալիներու մէջ, իսկ ուրիշներ անհետացան: Այս երեւոյթը դրական է այն  իմաստով, որ հետզհետէ Հայաստանի քաղաքական քարտէսը կը յստականայ եւ սակաւ ու բազմատարր կուսակցութիւններով կ՛օժտուի երկիրը, ինչ որ յաւելեալ երաշխիք մըն է կայունութեան եւ ժողովուրդի ներկայացուցչութեան:

3.- Զարմանալիօրէն  քաղաքական բեմին վրայ կը շարունակեն գերիշխել միեւնոյն դէմքերը` իրենց հին քէներով ու հինցած խոստումներով, հակառակ այն իրողութեան, որ ժողովրդային լայն խաւերը բազմիցս յուսախաբ եղած են անոնցմէ ու խորապէս հիասթափուած:  Անպայման պատճառ մը կայ,  որուն հետեւանքով 25 տարին բաւարար չեղաւ, որ նոր դէմքեր գան ու նոր տեսլականներով թարմութիւն բերեն քաղաքական կեանքին: Բացասական այս երեւոյթին յանցանքի գլխաւոր ծանրութիւնը բնականաբար կը կրէ երկրի  քաղաքական ղեկավարութիւնը, որ ենթադրելի է, թէ չի քաջալերեր սերնդափոխութիւնը, արգելք է նորերու ծաղկումին: Դարձեալ հին անուններն են, որ թեկնածութեան ցանկերու մէջ կը գրաւեն հաւանական ընտրելիներու առաջին կարգերը: Անոնք բազմիցս գտնուած են նոյն տեղերը, բայց քուէներու թիւով առաջընթաց չեն արձանագրած իրենց պատկանած կուսակցութեանց հաշուոյն:

4.- Մինչեւ վերջերս ղարաբաղեան հարցին վերաբերող դժուար բանակցութեանց դիւանագիտական խորհրդապահութեան նրբութիւնը կը յարգուէր: Քուէի որոշ առաւելներ ունենալու յոյսով Լեւոն Տէր Պետրոսեանի թելադրանքովը իր գլխաւորած շարժումը անտեսեց այդ նրբութիւնը: Հիմա, ՀԱՔ կոչումով ծանօթ Լ.Տ.Պ.ի խմբաւորումը ընտրապայքարի կարգախօս որդեգրած է` Արցախին համար անորոշ կարգավիճակի մը դիմաց ազատագրուած հողերը Ազրպէյճանին վերադարձնելով իբր թէ խաղաղութեան ծրագիր մը, ինչ որ, ըստ դրուածքի ու ըստ էութեան, անյարիր է պետական մտածողութեան, անվայել է յաղթանակած ազգի մը համար, կը ջլատէ հանրութեան կորովն ու դիմադրական ոգին, միաժամանակ անուղղակի ուղերձ է Ալիեւին, որ անզիջող մնայ իր պահանջին մէջ ու աւելի աշխուժացնէ պատերազմական գործողութիւնները: Այսպէս, ընտրական կարգախօսներով խաղաղութեան յանգելու մակերեսայնութիւնը վտանգաւոր է  նոյնինքն խաղաղութեան պահպանման համար, մանաւանդ` Ալիեւի օրերուն:  Լ.Տ.Պ.ի այս վիժած «Ծրագիրը» վերակենդանացումն է «Պատերա՞զմ, թէ՞ խաղաղութիւն» իր տխրահռչակ յօդուածին, զոր ստորագրողը, փափաքելի էր, որ Ալիեւը եղած ըլլար, ոչ թէ յաղթական Հայաստանի առաջին նախագահը: Կասկած չկայ, որ խաղաղութիւնը անփոխարինելի արժէք է, որուն ապահովման ու պահպանման համար պէտք է անդուլ պայքարիլ ամէն գնով ու բոլոր մակարդակներու վրայ: Սակայն ինչ կը վերաբերի առաջարկուածին, անիկա  ոչ միայն խաղաղութեան երաշխիք չէ, այլ ընդհակառակը, կը վտանգէ մեր ամբողջ ազգն ու հայրենիքը: Բայց ասիկա արդէն ուրիշ թեմա է եւ խորունկ վերլուծումի խնդիր: Վստահաբար ժողովրդային ցաւը շահագործելու այս փորձը պիտի ձախողի, քուէարկողը պիտի չտարուի խաբուսիկ պատկերացումներէ, պիտի չխաբուի իբր թէ  խաղաղութիւն բերելու անհիմն խոստումներէ: Յամենայն դէպս, քուէարկութեանց արդիւնքին համար սպասենք մինչեւ 2 Ապրիլը: