Դոկտ. Աքչամ Կը Հաստատէ Թուրքերու Ցեղասպան Մտադրութիւնը` Ապացուցելով Թալէաթի Հեռագրերու Վաւերականութիւնը


Յարութ Սասունեան


 

Փրոֆ. Թաներ Աքչամ լուրջ հարուած հասցուցած է Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ թրքական ժխտումներուն` խիստ բովանդակալից դասախօսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցած է «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանի «Շին» մատուռին մէջ (Միշըն Հիլզ, Քալիֆորնիա), Նոյեմբեր 20ին: Թուրք պատմաբան դոկտ. Աքչամ Քլարք համալսարանի` Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան «Ռոպերթ Արամ եւ Մարիաննա Գալստեան, եւ Ստեֆան ու Մարիոն Մուկար» ամպիոնի ղեկավարն է:

Փրոֆ. Աքչամ վերջերս հրատարակած իր «Նայիմ պէյի յուշերն ու Թալէաթ փաշայի հեռագրերը» գիրքին մէջ, վերջնականապէս տապալեց թրքական յամառ ժխտումները` Նայիմ պէյի գոյութեան եւ հեռագրերու իսկութեան վերաբերեալ: Այդ հեռագրերը Նայիմ պէյ վաճառած էր Արամ Անտոնեանին, իսկ վերջինս ալ 1920ականներու սկիզբը զանոնք հրապարակած էր իր «Մեծ ոճիր» գիրքին մէջ` անգլերէն, ֆրանսերէն եւ հայերէն: Ցեղասպանութիւնը վերապրած Անտոնեան առաջին անգամ օսմանեան պաշտօնեայ Նայիմ պէյին հանդիպած է 1916 թուականին, Թուրքիոյ Մեսքենէ համակեդրոնացման ճամբարին մէջ, այնուհետեւ` 1918 թուականին, Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը:

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Թալէաթ իր 1915 Սեպտեմբեր 22ի նշանակալից հեռագրին մէջ հրաման տուած է, որ` «հայերու բոլոր իրաւունքները Թուրքիոյ հողի վրայ, ինչպէս` ապրելու եւ աշխատելու իրաւունքները, արդէն ջնջուած են, եւ ոչ ոք պէտք է [կենդանի] մնայ, նոյնիսկ մանուկը` օրօրոցի մէջ: Այս բոլորին համար կառավարութիւնը իր վրայ կը վերցնէ ամբողջ պատասխանատուութիւնը»: Մէկ ուրիշ հեռագրի մը մէջ, ուղղուած Հալէպի կուսակալին` 1915 Սեպտեմբեր 29ին, Թալէաթ գրած է. «Աւելի կանուխ տեղեկացուած էր, որ Թուրքիոյ մէջ գտնուող բոլոր հայերը անհետացնելու եւ բնաջնջելու որոշում կայացուած է կառավարութեան կողմէ, կոմիտէի [Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն] հրամաններու հիման վրայ … անկախ բնաջնջման միջոցներու զարհուրելի ըլլալէն եւ առանց խղճի խայթ զգալու` պէտք է վերջ դրուի անոնց գոյութեան, առանց հաշուի առնելու կիները, երեխաները կամ հաշմանդամները»:

1983 թուականին Թուրքիոյ Պատմագիտութեան Ընկերակցութիւնը հրատարակեց Շինասի Օրելի եւ Սուրեյա Եուճայի հեղինակած գիրքը` պնդելով, որ Անտոնեանին կողմէ հրապարակուած Թալէաթի հեռագրերը յօրինուած էին, իսկ Նայիմ պէյ անունով պաշտօնեայ երբեք գոյութիւն չէ ունեցած: Օրել եւ Եուճա 12 փաստարկ յառաջ քաշած էին, թէ ինչո՞ւ կը հաւատային, որ այս փաստաթուղթերը կեղծ էին: Թէեւ Վահագն Տատրեան 1986ի իր հրապարակման մէջ մանրամասնօրէն հերքած էր Օրելն ու Եուճան, սակայն որոշ գիտնականներ կասկածանքով կը վերաբերէին Անտոնեանի գիրքին մէջ առկայ նիւթերուն:

Վերջին տարիներուն Օսմանեան արխիւներու նիւթերու երկարատեւ եւ քրտնաջան ուսումնասիրութիւններէն ետք, փրոֆ. Աքչամ յաջողեցաւ ապացուցել, որ Օրելի եւ Եուճայի ամբաստանութիւնները սխալ էին եւ անհիմն: Փրոֆ. Աքչամ թրքերէնով հրատարակուած իր նոր գիրքին մէջ եւ Նոյեմբեր 20ի դասախօսութեան ընթացքին` հաստատեց.

1) Իրականութեան մէջ եղած է Նայիմ պէյ անունով թուրք քաղաքացիական ծառայող մը: Օսմանեան բնօրինակ արձանագրութիւնները կը հաստատեն անոր գոյութիւնը: Ի դէպ, Թուրքիոյ ռազմական արխիւի 2007 թուականին հրապարակած 7րդ հատորին մէջ առկայ է փաստաթուղթ մը, որ զայն կը նկարագրէ իբրեւ «Նայիմ էֆենտի, Հուսէյն Նուրի էֆենտիի որդի, 26 տարեկան, Սիլիֆքէէն, ամուսնացած, հեռագրային պաշտօնեայ Մեսքենէի մէջ, ներկայիս կ՛աշխատի իբրեւ պաշտօնեայ քաղաքի հացահատիկի պահեստանոցին մէջ (Նոյ. 14-15, 1916)»: Աքչամ հաստատեց, որ Նայիմի անունով կան երեք այլ օսմանեան փաստաթուղթեր, որոնցմէ երկուքը կը գտնուին Փարիզի «Պօղոս Նուպար» գրադարանը:

2) Փրոֆ. Աքչամ յայտարարեց, որ իր ձեռքին տակ է Նայիմ պէյի յուշերու բնագրի պատճէնը, գրուած` ձեռագիր օսմաներէնով: Ան այդ յուշերը գտած է հետազօտող հայր Գրիգոր Կերկերեանի արխիւներուն մէջ, վերջինս լուսանկարած էր Նայիմ պէյի 35 էջնոց ձեռագիրը, երբ այցելած էր Պօղոս Նուպար փաշայի գրադարան, 1950ին: Այդ պահէն ի վեր բնօրինակը անհետացած է գրադարանէն:

3) Նայիմ պէյի յուշագրերուն մէջ նկարագրուած անձերն ու իրադարձութիւնները փաստերով կը հիմնաւորուին` վերջերս օսմանեան արխիւներէն Աքչամի ձեռք բերած նիւթերով:

4) Աքչամ կրցաւ հաստատել, որ Օրելի եւ Եուճայի հիմնական փաստարկները Թալէաթի հեռագրերու զանազան յատկանշական կէտերու վերաբերեալ, ներառեալ թուղթի տեսակն ու գաղտնագրման արհեստագիտութիւնը, սխալ էին:

Անտոնեանի գիրքին մէջ ներառուած Թալէաթի հեռագրերու վաւերական ըլլալը ապացուցելու եւ անոնց կեղծուած ըլլալուն մասին թրքական պնդումները մերկացնելու համար իր գիտական որոնումներուն մէջ, փրոֆ. Աքչամ շատ աւելի կարեւոր  բացայայտում մը ըրաւ:

1915 թուականի Սեպտեմբեր 22ի Թալէաթի հեռագիրը կը հաստատէ, որ թուրք ղեկավարները հրամայած էին բոլոր հայ տղամարդոց, կիներու եւ երեխաներու զանգուածային կոտորածները, եւ ոչ թէ պարզապէս` անոնց տեղահանումը, ինչպէս մէկ դարէ աւելի է, որ կեղծաւորութեամբ կը պնդեն թուրք ժխտողականները: Դոկտ. Աքչամ` հաստատելով այս հեռագրերու վաւերականութիւնը ցոյց տուաւ, որ Թալէաթ ունեցած է ոչնչացման ՄՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆ. կարեւոր հանգամանք մը` հայերու զանգուածային սպանութիւնները իբրեւ ցեղասպանութիւն որակելու համար, ըստ ՄԱԿի Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին պայմանագրին: