“Դրական Չեզոքութիւն”․ Հայ Համայնքը Իրանի Նախագահական Ընտրութիւնններուն Ոեւէ Թեկնածուի Սատարելու Միասնական Որոշում Չունի


«Արմենփրես»․- Իրանի մէջ Մայիս 19ին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններուն հայ համայնքը ոեւէ թեկնածուի սատարելու միասնական որոշում չունի, յայտնած է հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Կարէն Խանլարեան:

«Սովորութեան համաձայն թոյլ կու տանք, որ իւրքանաչիւրը իր ցանկութեամբ ընտրութիւն կատարէ: Մեր դիրքորոշումը դրական չէզոքութիւն պահպանելն է: Ամէն պարագայի մենք հաւանական բոլոր թեկնածուներուն հետ պիտի աշխատինք: Ինչպէս գիտէք, Իրանի նախագահի աթոռին համար կայ 6 թեկնածու: Պիտի փորձենք նախնական կապեր հաստատել թեկնածուներուն հետ` ներկայացնելով մեր խնդիրները, մեր պահանջները», ըսած է Խանլարեան:

Հայ համայնքը ունի հարցեր, պահանջներ տարբեր մակարդակներու վրայ` տնտեսական, քաղաքական: Գլխաւորը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման հարցը հետապնդելն է: Կարէն Խանլարեան նշած է, որ նման հարցեր արծարծելու համար լաւ առիթ է:

Կարէն Խանլարեանի խօսելով տնտեսական հարցերուն մասին, ըսած է որոշ դժուարութիւններ կան:

«Դժուարութիւններ կան եկեղեցիներու, դպրոցներու պահպանման ծախսերուն հետ կապուած: Մենք այդ տեսանկիւնէ ակնկալիքներ ունինք ընտրուող նախագահէն: Ընդհանուր առմամբ, մեր տնտեսական հարցերը նոյնն են, ինչ որ Իրանի միւս քաղաքացիներուն: Մեր համայնքն ալ Իրանի հասարակութեան մանրակերտն է», ըսած է պատգամաւորը:

Ան տեղեկացուցած է, որ նախագահական ընտրութիւններուն օրը տեղի պիտի ունենան Թեհրանի աւագանիի ընտրութիւնները, որոնց կը մասնակցին 3 հայ թեկնածուներ` Արա Շահվերդեան, Անդրանիկ Սիմոնի, Արմէն Նազարեան:

«Սա շատ լաւ հնարաւորութիւն է, որ հայ համայնքը իր ներկայութիւնը ունենայ Թեհրանի աւագանիի կազմին մէջ, քաղաքի զարգացման առումով մենք ալ մեր տեսակէտը կրնանք դրսեւորել: Մրցակցութիւնը չափազանց դժուար պիտի ըլլայ, Իրանի մեծ թիւով քաղաքացիներ առաջադրուած են իբրեւ աւագանիի թեկնածու: Երեք հայ թեկնածուներն ալ կրնան աւագանիի անդամ դառնալ, եթէ յաղթահարեն անցօղիկ շեմը», ըսած է ան:

Իրանի նախագահական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Մայիս 19ին: Նախագահի թեկնածու են` Հասան Ռոհանի, Մուսթաֆա Աղա Միրսալիմ, Սահակ Ջահանգիրի, Մոհամատ Պաղիր Ղալիպաֆ, Սէյետ Իպրահիմ Ռէիսի, Մուսթաֆա Հաշեմի Թաբայ: